ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ 14 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը յառաջիկայ օրերուն գործնական փուլ պիտի թեւակոխէ։ Արդէն յայտնի դարձած է Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին ժամադրութեան թուականը։ Այսպէս, 14 յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ իրենց առաջին տեսակցութիւնը, ինչ որ պաշտօնապէս հաստատուած է երկու մայրաքաղաքներէն։

Մինչ այդ, երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած այս հանդիպման ընդառաջ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Պլինքըն անդրադարձան հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման ակնկալութեամբ ձեռնարկուած գործընթացին յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումով հանդերձ։ Չավուշօղլու Լաւրովի հետ ալ քննարկեց Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։ Նախարարները շօշափեցին նաեւ «3+3» ձեւաչափի ընթացքը եւ պայմանաւորուեցան յառաջիկային նախապատրաստել այդ հարթակի յաջորդ հանդիպումը։

Ուրբաթ, Յունուար 7, 2022