ԵՏՄ-Ը ԵՒ ՄԵՏԱՔՍԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԿՐՆԱՆ ԶԱՐԳԱՆԱԼ ԶՈՒԳԸՆԹԱՑ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ «Մետաքսի ճանապարհի» եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) նախագիծերու կապակցման աշխատանքը կը համապատասխանէ տարածքաշրջանի երկիրներու շահերուն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փութին վերջերս ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին։ «Մենք աշխուժօրէն կ՚աշխատինք երկու մեծ նախագծերու՝ «Մետաքսի ճանապարհի» տնտեսական գօտիի եւ ԵՏՄ-ի շրջանակներէն ներս գործակցութեան զուգակցման ուղղութեամբ։ Այդ հարցը քանիցս քննար-կըւած է Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ։ Լիակատար վստահութիւն կայ այն ուղղութեամբ, թէ այդ համատեղ աշխատանքին իրագործումը լիովին կը համապատասխանէ մեր փոխադարձ շահերուն», ըսաւ Վլատիմիր Փութին։
Հարկ է յիշեցնել, որ Փութին եւ Չինաստանի Նախագահ Սի Ցզինփին վերջերս ստորագրած էին յայտարարութիւն մը, որով համագործակցութիւն կը նախատեսուի «Մետաքսի ճանապարհի» տնտեսական գօտիի նախագծի շրջանակներէն ներս։