ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԳԻՐՔ ՄԸ

Ա­մե­րի­կաբ­նակ ար­ձա­կա­գիր Ա­լին Յով­հան­նէ­սեա­նի «Օր­հա­նի ժա­ռան­գու­թիւ­նը» վէ­պը կ՚ար­ժա­նա­նայ բարձր գնա­հա­տան­քի։ Այս­պէս, «Ա­մա­զոն» առ­ցանց գրա­խա­նու­թը վէ­պը ճանչ­ցաւ Ապ­րիլ ամ­սուան լա­ւա­գոյն գիր­քը։

Վէ­պը գրուած է Մեծ ե­ղեռ­նի նիւ­թով։ Ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը լա­ւա­գոյ­նի տիտ­ղո­սին ար­ժա­նա­ցած է ո՛չ միայն «Ա­մա­զոն»ի վրայ, այլ նաեւ՝ Գրա­վա­ճառ­նե­րու ան­կախ ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ եւ լայ­նօ­րէն լու­սա­բա­նուած ա­մե­րի­կեան յա­ռա­ջա­տար պար­բե­րա­կան­նե­րուն մէջ։

Ա­լին Յով­հան­նէ­սեան վե­րապ­րող ըն­տա­նի­քի մը ժա­ռանգ­նե­րէն է։ Ան իր գիր­քը գրած է վեց տա­րուան ըն­թաց­քին։ Այս ա­ռի­թով ան նոյ­նիսկ այ­ցե­լած է Սե­բաս­տիա, ուր ալ տե­ղի կ՚ու­նե­նան վէ­պի մէջ նկա­րագ­րուած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Գիր­քը ո՛չ միայն սի­րոյ գե­ղե­ցիկ պատ­մու­թիւն մըն է, այլ նաեւ՝ «մի­լիո­նէ ա­ւե­լի լուռ նա­հա­տակ­նե­րու ձայնն է ի լուր աշ­խար­հի՝ պատ­մու­թեան մոռ­ցուած հա­տուա­ծի մա­սին»։ 

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015