ԽՈՐԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ԲՆՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ ամբողջ արեւելքին կը տիրապետէ խստաշունչ ձմեռը։ Լայն աշխարհագրութիւն մը սպիտակ քօղի տակ է։ Վերջին օրերուն առատ ձիւն տեղացած է Վանի եւ շրջակայքին մէջ։ Թէեւ ձմրան պայմանները առօրեայի տեսակէտէ լուրջ դժուարութիւններ կ՚ենթադրեն, սակայն, խորախորհուրդ բնութեան դրուագները անբացատրելի տպաւորութիւն կը գործեն մարդոց վրայ։

Վանայ լիճի Աղթամար կղզին ալ այս երեւոյթէն ստացած է իրեն վիճակած բաժինը։ Ս. Խաչ պատմական եկեղեցին եւ յարակից համալիրը, այժմ թանգարան, վերջին օրերուն գեղարուեստական հրաշքի մը համազօր տեսքի մը տիրացած է։

«Անատոլու» գործակալութեան լուսանկարիչը նկարահանած է իսկապէս դիպուկ դրուագ մը, որ շրջանառութեան մէջ է նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ։

Ձմրան այս խորհրդաւոր դրուագին գործած տպաւորութեան առընթեր, բոլորի յիշողութեան մէջ թարմ են նաեւ Աղթամար կղզիի այլ լուսանկարները, որոնք կ՚ապացուցանեն, որ տարուայ իւրաքանչիւր եղանակին առանձնայատուկ բնական հմայք մը զգալի կը դառնայ այնտեղ։

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022