ԲՈՂՈՔ ՄԸ ԵՒՍ
Նորվեկիոյ Հելսինքեան կոմիտէի հաւատքի ազատութեան նախաձեռնութիւնը դատապարտեց Գատըգիւղի Ս. Երրորդութիւն յունաց եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յանձակումը եւ կոչ ուղղեց պատկան մարմիններուն, որպէսզի միջոցներու ձեռնարկեն պաշտամունքի վայրերն ու հաւատքի վերաբերեալ այլ վայրերը պահպանելու համար։ Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ յիշեալ նախաձեռնութեան կողմէ նշուած է, թէ պաշտամունքի վայրերը հասարակութեան լայն խաւերուն առջեւ բաց գտնուելու պատճառով թիրախ կրնան հանդիսանալ նման յարձակումներու համար։ «Նման վյարերուն թիրախ ընտրուիլը ֆիզիքական վնասէն շատ աւելին կ՚ընէ ու կ՚ազդեն այդ վայրը գործածող անձերուն ու անոնց հաւատակիցներուն վրայ, ինչպէս նաեւ վախի տակ կը թողուն բոլոր հասարակութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։