ՆՈՐ ՔԱՄՓ ԱՐՄԷՆ

Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի ստորագրութեամբ երէկ Կէտիկփաշայէն թերթիս խմբագրութեան ուղարկուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որով տեղեկացուցած է, որ մեծ ոգեւորութեամբ յառաջ կը տարուի ծրագիր մը, որ կը վերաբերի Թուզլայի «Քամփ Արմէն»ին։ Այս հաղորդագրութիւնով պաշտօնապէս տեղեկացուած է, որ նոր «Քամփ Արմէն»ի մը շինարարութեան ձեռնարկուած է։ Այս նիւթը երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ կը գտնուէր եւ այժմ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի կողմէ հրապարակուած բացատրութիւններով ամէն ինչ կը յստականայ եւ կը հիմնաւորուի, ինչ որ դրական իրադարձութիւն մըն է՝ Թուզլայի ընդարձակ տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման յաջորդած ժամանակաշրջանին ձեռքբերումները ապահովագրելու տեսակէտէ։

Ըստ հաղորդագրութեան, նոր «Քամփ Արմէն»ը պիտի կառուցուի 4 հազար 715 մեթր քառակուսի տարածութեան մը վրայ։ 3 հազար 200 քառակուսի մեթր փակ բաժին պիտի ունենայ համալիրը։ 100 հոգիի տարողութեամբ կացարան մը պիտի ունենայ նոր քամփը՝ հաւասարապէս 50 աղջիկի եւ 50 մանչու համար։ Ուսուցիչներու կացարաններ, արհեստանոցներ կամ աշխատանոցներ, ցուցադրասրահներ, 200 հոգի տարողութեամբ լսարան մը, բազմանպատակ այլ դահլիճներ, համակարգչային նախագիծեր մշակելու յարմարութիւններով օժտուած աշխատանոցներ եւ վարչական այլ բաժիններ պիտի ընդգրկէ այս համալիրը։

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ դիտել տրուած է, որ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ սնտուկէն ցայսօր շուրջ 50 հազար ամերիկեան տոլարի համապատասխան ծախս մը կատարուած է այս ծրագրին համար, որու ընդհանուր արժէքը կը կազմէ շուրջ 2 միլիոն 500 հազար ամերիկեան տոլար։ Նոյն առթիւ դիտել տրուած է, որ այս նախագիծը կեանքի կոչելու համար նիւթական աջակցութեան կարիք գոյութիւն ունի։

Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու անսահման շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք ցայսօր իրենց նպաստը բերած են այս ուղղութեամբ։ Ան յոյս յայտնած է, թէ բոլորը անկեղծ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն՝ նոր «Քամփ Արմէն»ի կերտման ճանապարհին։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022