«ԼՈՅՍ Ի ԼՈՒՍՈՅ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Զուարթ­նո­ցի տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բի հա­մա­տեղ «Լոյս ի լու­սոյ» խո­րա­գի­րը կրող շրջա­գա­յու­թեան հա­մեր­գը։

Հայ­կա­կան հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը հնչեց նոր մեկ­նա­բա­նու­թեամբ։ Մօտ մէկ ժամ տե­ւած հա­մեր­գի ըն­թաց­քին Հա­մա­սեան նուա­գեց Կո­մի­տա­սի, Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի եւ Նա­րե­կա­ցիի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Հա­մեր­գին ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։ «Տիգ­րան Հա­մա­սեա­նի այս հա­մեր­գա­շա­րը բարձր կը գնա­հա­տեմ, ո­րով­հե­տեւ ե­ղան քա­նի մը ե­րա­ժիշտ­ներ, ո­րոնք յստա­կօ­րէն գի­տակ­ցե­ցան, թէ ի­րենք ա­ռա­քե­լու­թիւն ու­նին 2015-ին, եւ այդ ի­մաս­տով Տիգ­րա­նի հա­մերգ­նե­րուն խոր­հուր­դը միան­շա­նակ է, ա­ռա­ւել եւս, երբ մենք այդ հա­մեր­գը կը կազ­մա­կեր­պենք քրիս­տո­նէա­կան ա­մե­նա­վաղ շրջա­նի տա­ճա­րին մէջ եւ յատ­կա­պէս այն հա­տուա­ծին վրայ, որ ուղ­ղա­կիօ­րէն կը դի­տէ մեր պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի Ա­րա­րատ լե­ռը։ Հա­մա­սեան իր հա­մեր­գա­շա­րով կ՚ը­սէ՝ հա­րիւր տա­րի անց կը վե­րա­դառ­նամ իմ պատ­մա­կան հայ­րե­նիքս՝ տա­ղան­դա­ւոր, ստեղ­ծա­գոր­ծող եւ նա­յե­լով դէ­պի վա­ղուան օ­րը։ Ըստ իս, շատ կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն է, գա­ղա­փա­րը ող­ջու­նե­լի է եւ կը խորհր­դան­շէ վե­րած­նած ժո­ղո­վուր­դը», ը­սաւ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։

Հարկ է նշել, թէ «Լոյս ի լու­սոյ» խո­րագ­րեալ շրջա­գա­յու­թեամբ, Տիգ­րան Հա­մա­սեան եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բը 30 Յու­նի­սին հա­մերգ մը պի­տի սար­քեն նաեւ Պոլ­սոյ Ա­յա Ի­րի­նիի պատ­մա­կան տա­ճա­րին մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015