Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԿՈՂԲ ԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽԱՉՔԱՐ ՄԸ ՅԱՅՏԱՆԲԵՐՈՒԱԾ
Իգդիրի Թուզլուճա գաւառակին մէջ յայտնաբերուեցաւ հայկական պատմական խաչքար մը։ Պատմական Կողբ շրջանին համապատասխանող այս վայրին մէջ յայտնաբերուած խաչքարը կը պատկանի 13-14-րդ դարերուն։ Խաչքարը յայտնաբերուած է այնտեղ կատարուող շինարարական աշխատանքներու ժամանակ։ Այդ վայրը անցեալին եղած է հայկական եկեղեցւոյ մը կից գերեզմանատունը, ուր թաղուած էին եկեղեցւոյ սպասաւորները։ Այս հանգամանքն ալ ենթադրել կու տայ, որ խաչքարը եղած է եկեղեցականի մը շիրմաքարը։ Խաչքարը այժմ տեղափոխուած է տեղւոյն քաղաքապետարանը եւ որպէս հնագիտական նմոյշ կը ցուցադրուի շքամուտքին։
Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015