ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՀԱՍԱՆԵԼԻ ԱՐԴԻ ՁԵՒԱՉԱՓԵՐՈՎ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը երէկ մասնաւոր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, որ «Vlume»ի հետ իր համագործակցութիւնը կը շարունակուի՝ ընդլայնելով այս մեծ թուային գրադարանը: «Vlume» թուային գրադարանը ել-գիրքերու եւ ձայնագիրքերու հարուստ հաւաքածոյ մը ունի թէ՛ արեւմտահայերէնով եւ թէ արեւելահայերէնով։ «Vlume», միեւնոյն ժամանակ, հայ գրականութիւնը արդի ձեւաչափով ըմբոշխնելու հնարաւորութիւն կ՚ընծայէ ընթերցողին։ Այս համագործակցութեան շնորհիւ արդէն իսկ հրատարակուած են բազմաթիւ ել-գիրքեր ու ձայնագիրքեր, ինչպէս նաեւ պատրաստուած է մանկապատանեկան ամբողջական ֆիլմաշար մը։ Սոյն ծրագիրով նախատեսուած է գրադարանը հարստացնել յաւելեալ 180 ել-գիրքով եւ 125 ձայնագիրքով՝ յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին:

«Vlume»ը բաժանորդներուն հնարաւորութիւն կու տայ կարդալու եւ լսելու հայերէն գիրքեր որեւէ արդի գործիքով։ Հարթակին ծանօթանալու համար այցելել  https://vlume.com/hye/home-page-new-wa/ կայքէջը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 26, 2022