ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շփումներ ունեցաւ Լիւքսեմպուրկի մէջ։ Բացի իր պաշտօնակից Ժան Ասելպորնի հետ բանակցութիւններ վարելէ, Արարատ Միրզոյեան ընդունուեցաւ նաեւ Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Սավիէ Պեթելի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան եւ Ժան Ասելպորն պատրաստակամութիւն յայտնեցին կողմերու քաղաքական երկխօսութիւնը աշխուժացնելու նկատմամբ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու խորացման շուրջ։

Տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերու ամբողջին մէջ երկուստեք շեշտուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու՝ առանց նախապայմաններու բնականոնացման գործընթացին։ Ընդգծուեցաւ տարածաշրջանի պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան հաստատման եւ կայուն զարգացման համար նախադրեալներու ստեղծման կարեւորութիւնը։

Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Արարատ Միրզոյեան ընդունուեցաւ նաեւ Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի նախագահ Ֆերնան Էթքենի կողմէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 27, 2022