ԾԱՓՈՂՋՈՅՆՆԵՐՈՎ ՀՐԱԺԵՇՏ
Նորոգ հանգուցեալ յայտնի դերասանուհի եւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Ֆաթմա Կիրիք, որու կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուցած էր, երէկ յուղարկաւորուեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Ծափոյջոյններով եւ անկեղծ համակրանքի դրսեւորումով ան յաւերժութեան ճանապարհը բռնեց՝ մինչ ութ տասնամեակ տեւած իր կեանքին ու գեղարուեստական-հասարակական գործունէութեան արժեւորումը երախտագիտական զգացումներով կատարուեցաւ բոլորին կողմէ։
Ֆաթմա Կիրիքի մահէն վերջ յուղարկաւորութիւնը յետաձգուած էր վերջին օրերու աննպաստ օդին հետեւանքով։ Ի վերջոյ ան երէկ գտաւ իր վերջին հանգրուանը։ Ի յարգանս Ֆաթմա Կիրիքի տեղի ունեցաւ երկու սգահանդէս՝ մին Շիշլիի քաղաքապետարանի, իսկ միւսը CRR համերգասրահին մէջ։ Ի յիշատակ Ֆաթմա Կիրիքի դամբանականներ խօսեցան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու, Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին եւ այլ դէմքեր։ Ներկայ էին ՃՀՓ-ական շրջանակներէ յառաջատար անձնաւորութիւններ, Իսթանպուլի զանազան շրջաններու քաղաքապետներ, շարժանկարի աշխարհէն յայտնի անուններ եւ հանգուցեալի բազմաթիւ համակիրները։
Այս բոլորէն վերջ Ֆաթմա Կիրիքի յուղարկաւորութեան կրօնական փուլը տեղի ունեցաւ Թէշվիքիյէի մզկիթին մէջ, ուր բոլորը աղօթեցին իր հոգւոյն համար։ Այս փուլին ներկայ էին նաեւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ եւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա։
Ֆաթմա Կիրիքի մարմինը փոխադրուեցաւ Պոտրում, ուր ամփոփուեցաւ իր ամուսնոյն՝ Մեմտուհ Իւնի կողքին։