«ԿԱԼՈՒԱԾՈՑ ԱՐՔԱՆԵՐ»
Ռուսահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեան կը շարունակէ միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան արժանանալ՝ իր յաջողութիւններով եւ ձեռքբերումներով։ «Forbes»ի կողմէ Ռուսաստանի կալուածոց շուկայի յառաջատարներուն վերաբերեալ 2021 թուականի համար պատրաստուած ցուցակին մէջ ընդգրկուած է Սամուէլ Կարապետեանի անունը։ «Ռուսական կալուածոց արքաներ» կոչուած վարկանիշային աղիւսակին վրայ երկրորդ տեղը կը զբաղեցնէ Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը։ 2020 թուականին 585 միլիոն տոլար կազմած են «Տաշիր»ի կալուածոց եկամուտները, որոնք անցեալ տարի բարձրացած են 615 միլիոն տոլարի։
Հարկ է նշել, որ «Տաշիր»ը կը համախմբէ 200 ընկերութիւններ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն տնտեսութեան զանազան ոլորտներէն ներս. ինչպէս՝ շինարարութիւն, արտադրութիւն, ուժանիւթ եւ գանձատրում։