ԴԷՊԻ ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ՖՈՐՈՒՄԸ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման օրակարգով Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութիւններով։ «Հայաստանի հետ մեր սկսած եւ Ատրպէյճանի կողմէ աջակցութիւն գտած կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի՝ վստահութեան բարձրացման ուղղեալ քայլերով։ Մեր յատուկ ներկայացուցիչներու դէմ դիմաց հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ։ Անոնք տեսակցեցան ուղիղ՝ առանց որեւէ միջնորդի։ Ճիշդ է, հիւրընկալող կողմը՝ Ռուսաստան ճաշկերոյթի ժամանակ երկուքն ալ հիւրընկալած է, այս առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք։ Առաջին ճանաչողական հանդիպումէն յետոյ յատուկ ներկայացուցիչները իրարու հետ կը քննարկեն ապագայ քայլերը», ըսաւ Չավուշօղլու եւ յիշեցուց, որ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները պիտի վերսկսին։

Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կարգաւորման հասնելու նպատակով սկսած գործընթացին տեսակէտէ ներկայիս հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը լարուած է Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին վրայ, որ նախատեսուած է 11-14 մարտին։ Չավուշօղլու միջոց մը առաջ յայտնած էր, որ Հայաստանն ալ հրաւիրուած է այս ֆորումին։ Անգարայէն բարձրաձայնուած այս հրաւէրէն անմիջապէս վերջ արձագանգած էր Երեւան՝ տեղեկացնելով, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հաւանական մասնակցութեան նպատակայարմարութեան խնդիրը արժեւորման կ՚ենթարկուի։ Այդ սպասման մթնոլորտին մէջ, ներկայ շաբթուայ սկիզբին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուցած էր, որ հայկական կողմը ամենայն հաւանականութեամբ մասնակցի Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին։ Այդ յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝ թրքական կողմի հրապարակած տեղեկութիւնները այլ շեշտադրում ստացան, թէ Նիկոլ Փաշինեան պիտի գայ Անթալիա։ Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ խօսեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Թուրքիա այցելութեան հաւանականութեան մասին։ Հայկական կողմի հրապարակումներուն մէջ Անթալիա ժամանման պարագային շեշտը կը դրուի նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի վրայ։ Որքան որ ալ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ քանի մը օր առաջ մասնակցութիւնը շատ հաւանական որակուած ըլլայ, երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Եդուարդ Աղաճանեան Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ըսաւ. «Այս պահու դրութեամբ մասնակցութեան վերաբերեալ վերջնական որոշում մը չկայ»։

Ըստ երեւոյթին, յառաջիկայ օրերուն այս բոլոր հանգամանքները պիտի յստականան։ Յամենայնդէպս, այժմ զգալի է, որ հայ-թրքական դիւանագիտական շփումները մօտաւոր ապագային պիտի հունաւորուին Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի բովով։

Ուրբաթ, Յունուար 28, 2022