ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՇԻՆԻՉ ՋԱՆՔԵՐԸ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը այս շրջանին ամենաբարձր մակարդակի վրայ հետեւողական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ կողմերու պետական մարմիններուն մօտ։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները երէկ շօշափուեցան նաեւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ։

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը երէկ գումարուեցաւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Նիստէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։

Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման նպատակով շարժման անցուած դրոյթներու եւ գործադրուած ջանքերու ամբողջին մէջ մատուցուած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը կարեւորութիւն վերագրած է, որպէսզի այդ գործընթացին գլխաւորութեամբ, կողմերու շինիչ եւ անկեղծ ջանքերը զարգացուին։

Ուրբաթ, Յունուար 28, 2022