ՕՐԷՆՔԷՆ ՎԵՐ ՈՒ ՎԱՐ ԵՂՈՂՆԵՐԸ
Յաճախ հիները կարդալով այն տպաւորութիւնը կ՚ունենամ, որ անոնք մարգարէներ են, որոնք կա՛մ գուշակած են ապագան եւ կամ մեր ներկան տարբեր չէ անցեալէն: Մի քանի օրեր առաջ կը թերթէի Պարոնեանի «Խիկար»ը, ուր Խիկար երկխօսութիւն մը կ՚ունենայ անձի մը հետ երկրի քաղաքականութեան հետ առընչուած. խօսելով ազգային ժողովի մասին Խիկար կ՚ըսէ.-
«Ազգին ծառայութիւն կ՚ընեն, այնպէս չէ՞, արդեօք երեսփոխան էֆէնտիները գոնէ հիմա սկսա՞ն ամչնալ՝ համոզուելով, որ տասնըեօթը տարիէ ի վեր խեղճ ազգի մը գլխուն անցած՝ չնչին եւ տղայական խնդիրներով զբաղելով՝ ազգին մէջ դաստիարակութեան ծաւալման արգելք եղան. համոզուեցա՞ն արդեօք, որ տասնըեօթը տարուան մէջ ազգին ամենափոքր ծառայութիւն մը ըրած չեն»:
Դար մը առաջ եղած արտայայտութիւն մը յստակ պատկերացումը կու տայ հայկական այսօրուայ քաղաքական ու դիւանագիտական կեանքին: Այսօր նոյն այդ ազգային ժողովը ճանչցուած է որպէս կռուի դաշտ՝ հայութեան շահերուն փոխարէն անհատական շահերու մարտադաշտ մը:
Օրեր առաջ համացանցի էջերուն մէջ տարածում գտաւ, թէ ինչպէս Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, իրեն ընկերակցող մեքենայի հետ միասին քաղաքին կեդրոնին մէջ ինչպիսի ճանապարհային «անհնազանդ»ութիւն կը գործեն, հակառակ նշուած ու սահմանուած օրէնքներուն կը խախտեն երթեւեկութեան կանոնները:
Այս բոլորը անգամ մը եւս մտածել կու տայ հետեւեալին մասին. եթէ օրէնքը սահմանողները իրենք չեն յարգեր ու ենթարկուիր իրենց իսկ նշանակած օրէնքներուն ու կանոններուն, ինչպէ՞ս կրնան ակնկալել եւ աւելին մինչեւ իսկ պատժական միջոցներ սահմանել չենթարկուողներուն:
Թէեւ ազգային սահմանադրութեան մէջ գրուած է, թէ օրէնքը բոլորին համար է, սակայն գործնականին մէջ անոնք կը պատկանին միայն հպատակ ժողովուրդին, ստեղծելով հրամայողի եւ ենթարկուողի իրավիճակ մը:
Օրէնքի դիմաց հաւասարութեան առաջին նշանները Աստուածաշունչի մէջ եւս կը տեսնենք, երբ Աստուած ըսաւ. «օրէն միեւնո՛յն կացցէ ձե՛ր եւ եկացն՝ որ յարիցին ՚ի ձեզ» (ձեր եւ ձեր մօտ եկող օտարականին օրէնքը մէկ ըլլայ). Աստուած շարունակելով կ՚ըսէ. «որպէս եւ դուքն իցէք եւ ե՛կն լինիցի առաջի Տեառն. օրեն միեւնո՛յն կացցէ» (այնպէս ինչպէս դուք էք, նոյնն ալ եկողն է Տիրոջ առջեւ. օրէնքը մէկ է) (Թուոց 15.15-16):
Օրէնքի հաւասարութիւնը քաղաքականութեան մէջ առաջին անգամ կը տեսնենք Ն.Ք. 720-645 տարիներուն ապրած չինացի փիլիսոփայ Կուան Չոնկի աշխատութիւններուն մէջ, ուր փիլիսոփան կ՚ըսէ. «Կայսրը, միապետն ու հպատակները, պաշտօնով որքան ալ մեծ կամ փոքր ըլլան, պարտաւոր են օրէնքի պահանջքները կատարել»:
Այսօր աշխարհի բոլոր պետութիւնները ընդունած են «օրէնքի դիմաց հաւասարութիւն» բանաձեւը, սակայն լոկ գրական ու տեսականօրէն եւ ո՛չ գործնական:
Երբ մարդու խօսքն ու գործը իրար չե՛ն համապատասխաներ, ժողովուրդը կ՚ըմբոստանայ. պահ մը պատկերացուցէք անձ մը ձեզի մօտենայ եւ խօսի ողորմութեան մասին, նոյն ժամանակ գողնայ աղքատի մը փոքր լուման։ Կարեւորութիւն պիտի տայի՞ք անոր խօսքերուն՝ երբ գործերուն ամբողջութեամբ հակառակն է: Նոյնը չէ՞ պարագան այսօր. ժողովուրդին կը պարտադրեն դիմակ կրել՝ սակայն իրենք կը հրաժարին դիմակ կրելէ, կը պարտադրեն երթեւեկութեան կանոնները պահել, սակայն իրենք օրինազանցութիւն կ՚ընեն: Մանկավարժութեան մէջ յայտնի բան է, որ մանուկը իր ծնողքին խօսքերէն աւելի անոր գործերն է, որ կ՚ընդօրինակէ եւ իր հօր ու մօր վարքն ու բարքը տեսնելով է, որ իր մէջ կը զարգացնէ իրը։ Ժողովուրդը եւս նոյնն է, որովհետեւ իսկական ղեկավարը ա՛յն է, որ նախ կը գործէ եւ յետոյ կը խօսի եւ ո՛չ թէ ան որ կը խօսի... սակայն երբեք չի գործեր:
Տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հետաքրքրութիւն եւ աղմուկ բարձրացաւ այն յայտարարութեան դիմաց, թէ երկիրի նախագահը արագութեան պատճառով տուգանք ստացած է. մարդիկ զարմացան եւ մինչեւ օրս համացանցի մէջ հազար ու մէկ տարբեր գրառումներ գոյութիւն ունին այդ կապակցութեամբ: Ի՞նչն է զարմանալին. պէտք է նկատի ունենալ, որ ան նախագահ կամ քաղաքական գործիչ ըլլալէ առաջ նախ երկրի լիիրաւ քաղաքացի է եւ հետեւաբար հաւասարապէս ենթակայ օրէնքին: Անոնք օրէնքէն վեր չե՛ն, այլ ենթակայ են օրէնքին, այնքա՛ն ինչքան դուն եւ ես:
Այսօր երբ պետական պաշտօնեայ պիտի անցնի, զինուորներ հազար ու մէկ հնարքով ճամբայ կը բանան, որպէսզի պետական գործիչը խճողումի մէջ չյայտնուի ու ազատ-հանգիստ հասնի իր երթալիք տեղը. համոզուած եմ, թէ անոնք եւս ինչպէս սովորական այլ մարդիկ պարտաւոր են գտնուիլ այն կացութեան մէջ, որ ժողովուրդը կը գտնուի այսօր, աւելիով հասկնալու համար անոնց դըժ-ւարութիւններն ու պահանջները:
Հաւասարութիւն բառը աշխարհի, մանաւանդ մեր հայրենիքի մէջ շատո՜նց մահացած է. կա՛մ ծանօթի մը միջոցով օրէնքէն բարձր պիտի ըլլաս եւ կամ ենթական ու գերին պիտի ըլլաս օրէնքին. այլ տարբերակ չկա՛յ եւ վա՜յ քեզի եթէ օրէնքը խախտես ու օրէնքէն բարձր ծանօթ մը չունիս:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԳՈՆՑ
(1740-1824)
Մեր թուականէն 198 տարիներ առաջ՝ 29 յունուար 1824-ին Վենետիկի մէջ մահացած է հայագէտ, աշխարհագէտ եւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Ստեփանոս Ագոնց (բուն անունով՝ Ամիրա Ագոնց):
Ագոնց ծնած է 20 նոյեմբեր 1740-ին, Ռումանիայի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող պատմական Թրանսիլվանիա շրջանին մէջ: Ուսումը ստացած է Սուրբ Ղազարի վանքի դպրոցին մէջ եւ տիրապետած է մի քանի լեզուներու: Ուսումը վերջացնելէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով հայոց լեզու, արուեստ, աշխարհագրութիւն, Աստուածաբանութիւն եւ ճարտասանութիւն:
Ագոնց 1763 թուականին դարձած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, 1785-1790 թուականներուն աբբահայր. 1790-1800 թուականներու միջեւ եղած է քարոզիչ եւ ուսուցիչ իր ծննդավայրի գաղութին մէջ:
Ագոնց բանակցութիւններ ունեցած է զօրավար եւ պետական գործիչ Նափոլէոնի հետ, որուն շնորհիւ կրցած է պահպանել հայկական միաբանութիւնը եւ զօրավարի հրովարտակով ճանչցուած է «Հայկական ճեմարան» անուանումով:
Ստեփանոս Ագոնց հեղինակ է կրօնական, բարոյախօսական եւ գիտական երկերու. գրած է պատմական, աշխարհագրական եւ ճարտասանական յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ: Անոր աշխատութեան մեծ մասը ամփոփուած է 11 հատոր կազմող «Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի» խորագրեալ աշխատութեան մէջ: Անոր գրիչին կը պատկանին նաեւ «Պատմութիւն կենաց եւ վարուց տեառն Մխիթարայ Սեբաստացւոյ րաբունապետի եւ աբբայի», «Ճարտասանութիւն բովանդակեալ ի հինգ գիրս», «Տեսութիւն պատմութեանց Աստուածաշունչ Սուրբ Գրոց» չորս հատորներէ կազմուած աշխատութիւնն ու այլ հատորներ: Գրած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու, ժողովուրդներու, անոնց սովորութիւններուն եւ մշակոյթին մասին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024