ԱՔԻՊԱ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ
Ճաբոնի մէջ հայ երաժշտական մշակոյթը աշխուժօրէն տարածելու գործին մէջ մեծ ներդրում ունենալուն համար Թոքիոյի մէջ «Կոմիտաս» երաժշտական միութեան համահիմնադիր, տաղանդաւոր դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպա պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան մետայլով։ Ըստ Թոքիոյի մօտ Հայաստանի դեսպանատան հաղորդումներուն, դեսպան Արեգ Յովհաննիսեան դեսպանատան մէջ մետայլը յանձնեց ճաբոնցի երաժիշտին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ապագայ ծրագիրները, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի եւ Ճաբոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով նախատեսուած ձեռնարկները:
13 մարտին Թոքիոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Աքիպայի եւ ջութակահար Քէիքօ Ուրուշիհարայի համերգը, որուն ընթացքին երաժիշտները պիտի կատարեն նաեւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները՝ հայ անուանի երգահանին 100-ամեակին արիթով: