ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Վրաստանի Ներքին գործոց նախարար Վախթանկ Կոմէլաուրին, որ այցելեց Երեւան։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Վահէ Ղազարեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Փաշինեան կարեւորեց երկու երկիրներու իրաւապահ համակարգերու միջեւ ծաւալուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան շարունակական ամրապնդումը։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 3, 2022