ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ընդունեց Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Օրուայ տեւողութեան Միրզոյեան եւ Շալենպերկ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին դիտել տուին, թէ կողմերը կը կարեւորեն իրենց համագործակցութեան զարգացումը։
Արարատ Միրզոյեան եւ Ալեքսանտր Շալենպերկ մասնակցեցան նաեւ Աւստրիոյ Զարգացման գործակալութեան Երեւանի գրասենեակի պաշտօնական բացման արարողութեան։
Միւս կողմէ, երկու նախարարներու մասնակցութեամբ այս առաւօտ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Աւստրիա առեւտրատնտեսական եւ գիտաթեքնիկ համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը եւ համապատասխան յուշագրի ստորագրումը։ Զուգահեռաբար կողմերու միջեւ ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր։