90-ԱՄԵԱԿ ԺՈՐԺ ԿԱՌՎԱՐԵՆՑԻ

1988 թուականի դեկտեմբերին՝ հայութեան համար ամենածանր օրերուն ամենուր կը հնչէր «Քեզի համար, Հայաստա՜ն» երգը: Երկրաշարժէն քանի մը օր ետք գրուած երգը գրաւեց մարդկութեան սիրտերը, զայն երգեցին համաշխարհային աստղերը եւ աջակցութեան ու օգնութեան ձեռքեր մեկնուեցան դէպի Հայաստան:

Երգին երաժշտութեան հեղինակը հայ երգահան Ժորժ-Տիրան Կառվարենցն է, որուն 90-ամեակը կը լրանայ այս տարի: Բառերը գրած է անզուգական արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր։ Ֆրանսական հեռուստատեսութեամբ ալ առաջին անգամ համաշխարհային աստղերը կատարեցին անմահ այս երգը եւ յայտնի դարձան զանազան երկիրներու մէջ: Երգէն ստացուած ամբողջ հասոյթը տրամադրուեցաւ աղէտեալներու օգնութեան հիմնադրամին։ Մինչեւ այսօր կը հնչէ երգը, որուն սրտաշարժ մեղեդիին համար Կառվարենցին պարտական ենք, իսկ բառերուն համար՝ Ազնաւուրին.

Գարուններդ կը բացուին նորէն,
Լաւ օրերդ ետ կու գան նորէն,
Ձմեռէն ետք, դժոխքէն ետք,
Կը վերընձիւղուի կենաց ծառդ-
Քեզի համար, Հայաստա՜ն (հատուած):

1989 թուականին Փարիզի մէջ Ժորժ Կառվարենց «Քեզի համար, Հայաստա՜ն» երգին երաժշտութեան համար արժանացած է «Ոսկի սուր» մրցանակին։ Երգը տասն շաբաթ գրաւած է ֆրանսական երգերու աղիւսակին առաջին հորիզոնականը եւ արձանագրուած Կինէսի մրցանակներու գիրքին մէջ՝ հեռարձակման առաջին իսկ շաբաթէն առաջին տեղը գրաւելու համար։ Հանրի Վերնէօյը տեսահոլովակ նկարահանած է այս երգին համար: Նոյն 1988 թուականին Կառվարենց այցելած է Հայաստան (անոր առաջին այցը հայրենիք եղած էր 1977 թուականին): Հռչակաւոր երաժշտահանը մահացած է 1993 թուականին, Փարիզի մէջ:

Աթէնք, Յունաստան, ծնած է Ժորժ-Տիրան Կառվարենց: Ան հայ բանաստեղծ Գէորգ Կառվարենցի (Արապաճեան) որդին էր: Գէորգ Կառվարենց 1892 թուականին Պոլու ծնած էր: Զանազան վայրեր ուսում եւ գործունէութիւն ունենալէ ետք 1922 թուականին անցած է Յունաստան, ուր մինչեւ 1942 թուականը ուսուցչական պաշտօն ստանձնած է զանազան քաղաքներու մէջ: Հոս ալ ծնած է ապագայ երգահանը՝ Ժորժ-Տիրան Կառվարենցը: Ան միջնակարգի կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մեջ, իսկ 1942 թուականին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Փարիզ։ Ուսումը շարունակած է Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան հայկական վարժարանէն ներս:

Առաջին երգերը գրած է դպրոցական տարիներուն։ 1947-1952-ականներուն յաճախած է Փարիզի երաժշտանոցը։

1950-ականներուն Ժորժ Կառվարենցի երգերը կատարած են ֆրանսական բեմի աստղեր՝ Ճոնի Հոլիտէյ, Միրէյ Մաթիէօ, Շարլ Ազնաւուր, Տալիտա, Սիլվի Վարդան, Ժիլպեր Պեքօ եւ ուրիշներ։ 1960 թուականին անոր «Տանիէլ» երգը Էտի Միշել եւ Ժոզէ Նուար խումբի կատարմամբ արժանացաւ առաջին մրցանակին։ Այդ տարիէն Կառուարենց դարձաւ ֆրանսական երաժշտութեան ինքնատիպ երգահաններէն մէկը, որուն աւելի քան հինգ հարիւր երգերը, աւելի քան քառասուն ձայնասկաւառակները մեծ տարածում գտան երգարուեստի սիրահարներուն քով։

Կառվարենցի «Հնաոճ վայելքները» ձայնապնակը թողարկուած է 23 միլիոն տպաքանակով եւ 350 տարբերակով։ 1964 թուականին արժանացած է «Շանսոնիէ» ընկերութեան յատուկ մրցանակին։

«Քեզի համար, Հայաստա՜ն»ը, անշուշտ, միակ երգը չէ, որ Կառվարենց գրած է աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին հետ:

24 ապրիլ 1974 թուականին Փարիզի Փլէյէ համերգասրահին մէջ հնչած է Կառվարենցի եւ Ազնաւուրի հեղինակած «Անոնք ինկան» երգը։ Ան յետագային լոյս տեսած է նաեւ անգլերէնով, բնագիրը թարգմանուած է այլ լեզուներու, այդ կարգին՝ հայերէնի, ռուսերէնի: 1981 թուականին Ազնաւուր եւ Կառվարենց հրատարած են «Սիրոյ կեանք մը» ֆրանսերէնով երգը։ Շարլ Ազնաւուր Միրէյ Մաթիէօի հետ 1981 թուականին կատարած է երգի ֆրանսերէն տարբերակը «Թեհրան-43» շարժանկարին համար, յետագային ան զատ երգած է այս երգին ռուսերէն տարբերակը: Ուրիշ շատ երգեր եւս հեղինակած են Կառվարենց եւ Ազնաւուր:

Գաղտնիք չէ, որ Ազնաւուր եւ Կառվարենց ընտանեկան կապով կապուած էին. Կառվարենցին կինը՝ Այտա Ազնաւուրն էր՝ Ազնաւուրին քոյրը, որ նոյնպէս երաժշտական գերազանց ունակութիւններով օժտուած էր: Ինչպէս իր յուշերուն մէջ կը պատմէ Ազնաւուր, Այտան այդ շնորհքը ունէր շատ պզտիկ տարիքէն, իրենք միասին կ՚երգէին, թատրոնի մէջ կը խաղային: Իսկ երիտասարդ տարիներուն Այտա Ազնաւուր նոյնիսկ ձայնասկաւառակներ թողարկած էր, անոր գեղեցիկ ձայնը մինչեւ հիմա կը հնչէ այդ ձայնասկաւառակներուն ընդմէջէն, «Եութուպ»ի վրայ նոյնպէս կարելի է լսել անոր երգերը, որոնց մէջ նաեւ հայերէնով երգեր կան: Սակայն Այտա ամէն ինչ ձգած եւ ամուսնացած էր Կառվարենցին հետ, չէ շարունակած երաժշտական փառքը: Ազնաւուր իր ծանօթութիւնը Կառվարենցին հետ այսպէս կը նկարագրէ իր յուշերու գիրքին մէջ.

«1957-ին, Գանատայէն վերադառնալէ յետոյ, իմ քոյրս՝ Այտան ինծի ներկայացուց հայկական ծագումով երիտասարդ երգահան մը, որ ինքզինք պճնած էր տարօրինակ արուեստագիտական կեղծանունով մը՝ Տիրան Վէպ։ Բարեբախտաբար, ան շուտով հրաժարեցաւ ատկէ եւ կրկին վերցուց իր իսկական ազգանունը։ Ժորժ Կառվարենցը, որուն չէի ճանչնար, ինծի համար ռոքընռոլի երաժշտահան էր։ Իրմէ լսած էի միայն Էտտի Միչելին համար գրած «Տանիելան», ի դէպ, սքանչելի երգ մը, սակայն բոլորովին իմ երգացանկի ձեռագրին հետ կապ չունեցող։ Ուստի, երբ Այտան խնդրեց անոր թեքստ մը տալ երգի վերածելու համար, որոշեցի առանց անոր բան մը ըսելու, Ժորժին համար իւրովի քննութիւն կազմակերպել՝ յանձնելով միջակ թեքստ մը, որուն ես չէի հաւներ եւ որուն շատ չէի հաւատար: Երբ Ժորժը ինծի բերաւ մեղեդին, զգացի, որ աւելի լաւն էր, քան՝ բառերը, երգին խօսքերս արժանի չէին այդ մեղեդիին, եւ այդպէս վճռեցի անոր վստահիլ համապատասխան թեքստեր։ Շատ բծախնդիր ըլլալով՝ ան անընդհատ կը վերամշակէր իր երաժշտութիւնը։ Երբ որեւէ թեքստ կ՚աւարտէի եւ ունակ չէի համապատասխան մեղեդի գտնելու, այն կու տայի Ժորժին։ Ան ինծի համար իսկական գանձեր յօրինեց, ինչպիսիք են՝ «Փարիզն օգոստոսին», «Ոչ, ես ոչինչ չեմ մոռցած», «Եւ սակայն», «Հնացած վայելքներ», «Ավէ Մարիա» եւ շատ ուրիշներ։ Ժորժը երգահանի իր տաղանդին հետ միասին սրամտութեան անգնահատելի զգացում ու նմանակելու իսկական շնորհք ունէր։

Այտան, հակառակ իր տաղանդին եւ երաժշտաշխարհին մէջ փայլուն մուտքին (անոր ձայնասկաւառակները որոշակի յաջողութիւն ձեռք ձգած էին), օր մը որոշեց դադրեցնել ամէն ինչ եւ հետեւիլ Ժորժ Կառվարենցին, որուն հետ նոր ամուսնացած էր եւ նուիրուեցաւ ամուսնոյն գործի յաջողութեան: Ժորժը երբեք երաժշտութիւն չէր գրեր, եթէ Այտան մօտ տեղ մը չէր, դաշնամուրէն քիչ մը հեռու նստած՝ խաչբառ կը լուծէր: Երբ կը պատահէր ստեղծագործելու ժամանակ Ժորժը կը մոռնար որեւէ մեղեդի, գիտէր, որ երաժշտական արտակարգ յիշողութիւն ունեցող Այտան կը նստէր դաշնամուրին առջեւ ու կը նուագէր այդ մէկը, յետոյ կրկին կը դառնար իր խաչբառին»:

90-ամեակի յոբելենական տարուայ առթիւ կրկին կը յիշենք Ժորժ Կառվարենցը, որ իր ներդրումը ունեցաւ ինչպէս ֆրանսական, այնպէս ալ՝ համաշխարհային երգարուեստին մէջ: Ան արուեստի իր տաղանդը, անշուշտ ժառանգած էր ընտանիքէն, նշանաւոր հօրմէն, որ նոյնպէս հետք ձգած է պատմութեան մէջ:

ՀԱՅՐԸ

Գէորգ Կառվարենց (Արապաճեան) իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Զմիւռնիոյ Մխիթարեաններուն մօտ, ապա՝ Պարտիզակի Ամերիկեան քոլէճին մէջ՝ որուն ընթացքը աւարտած է 1908 թուականին։

Մինչեւ Առաջին աշխարհամարտը (1914) ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Էնկիւրիի հայկական վարժարաններուն, ապա Սկիւտարի Սէմէրճեան նախակրթականին մէջ։ Պատերազմի տարիներուն կ՚ենթարկուի բանտի եւ աքսորի դառնութիւններուն, իսկ զինադադարէն ետք մաս կը կազմէ «Ճակատամարտ»ի խմբագրութեան:

Իզմիրի աղէտէն ետք, 1922 թուականին կ՚անցնի Յունաստան, ուր մինչեւ 1942 թուականը ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ զանազան քաղաքներու մէջ:

Հայ գաղթականներուն եւ որբերուն հետ Քերքիրա կը հասնի։ Մաս կը կազմէ «Հայ համայնքին մարմին»ի՝ 1922 թուականի աշնան ստեղծուած խուրհուրդի դիւանին իբրեւ ատենադպիր։ Ութ ամսուան համար տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Լորտ Մէյորս հիմնարկին Քերքիրայի որբանոցին, միաժամանակ հայերէն եւ հայկական երաժշտութիւն կը դասաւանդէ հայ որբերուն։ 1923 թուականի մայիսին Նշան Պէշիկթաշլեանին հետ Քերքիրայի «Փուիքլիոն» թատրոնին մէջ կը բեմադրեն եւ հայ գաղթականներու հոծ ներկայութեան կը ներկայացնեն Երուանդ Օտեանի «Չարշըլը Արթին աղա» թատերախաղը․ դերակատարները կ՚ըլլան թատերասէր հայ գաղթականներէն եւ որբերէն օրիորդներ եւ երիտասարդներ, որոնք կը հետեւին վերոնշեալ երկու հայ ուսուցիչներուն ուղղութիւններուն։

Քերքիրայէն ետք, կ՚անցնի յաջորդաբար Սելանիկ եւ Աթէնք։ Երկու քաղաքներուն մէջ կը զբաղի հայ համայնքներուն աշխատանքներով եւ հայկական կրթական հաստատութիւններուն մէջ ուսուցչութեամբ։

1930-ական թուականներուն՝ Աթէնքի մէջ՝ Անտոն Կազէլի, Գաբրիէլ Լազեանի եւ բանաստեղծ Վազգէն Եսայեանի հետ խմբագրած է «Արեւագալ» գրական պարբերաթերթը։

Երկրորդ աշխարհամարտի անստոյգ օրերուն, 1942 թուականին Աւստրիոյ ճանապարհով Իտալիա անցած է, նախ՝ Վենետիկ, իսկ 1943 թուականին՝ Միլանօ, ուր սրտի կաթուածի հետեւանքով յանկարծամահ եղած է 1946 թուականի սեպտեմբերին: Մարմինը ամփոփուած է Ս. Ղազարի գերեզմանատան մէջ: Բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը հրատարակած է 1913 թուականին՝ «Ծովեր» անունով։ 1921 թուականին՝ «Գերեզմանի ծաղիկներ» ու 1931 թուականին՝ «Տաւիղ Եւոլեան» հատորները։ Մահէն երեսունեւմէկ տարի ետք (1977), իր զաւկին՝ երգահան Ժորժ Կառվարենցի նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցան անտիպները, «Բանաստեղծութիւն» անունին տակ:

Մասնագէտներ կը նկատեն, որ քերթողական իր էջերը երաժշտական եւ հնչական բծախնդրութիւններով կը յատկանշուին։ Երաժշտական ձիրքերով օժտուած արուեստագէտ մըն էր նաեւ ինք։ Ձայնական ներդաշնակութեան շեշտուած փոյթով՝ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ կշռոյթին, չափին ու յանգին հաւատարիմ մնացած է աւելի, քան հաղորդակցութեան պահանջներուն եւ իմաստի պայծառութեան։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 7, 2022