ԼԻՊԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁ ԹՐԱՊԼՈՒՍԻ ՄԷՋ

Լիպիոյ վարչապետ Ապտիւլհամիտ էլ Տիպէյպէի դէմ այս առաւօտ մահափորձ մը կատարուած է։ Մայրաքաղաք Թրապլուսի մէջ զինեալ յարձակման ենթարկուեցաւ վարչապետին ինքնաշարժը։ Պաշտօնական աղբիւրներու լռութեան մթնոլորտին մէջ այս իրադարձութեան անմիջապէս արձագանգեց «Էլ Ճեզիրէ» հեռուստակայանը, որու ընկերային ցանցերու պաշտօնական հաշիւներուն վրայ տեղեկացուեցաւ, որ Էլ Տիպէյպէ առանց վիրաւորուելու փրկուած է այս դէպքէն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յարձակողները խոյս տուած են եւ կարելի չէ եղած պարզել անոնց ինքնութիւնը։ Լիպիոյ աւագ դատախազը հարցաքննութեան ձեռնարկած է այս դէպքի լոյսին տակ։

Այս առաւօտ, Լիպիոյ խորհրդարանէն ներս ծրագրուած՝ վարչապետի վերընտրութեան նիստի բառացիօրէն նախօրեակին պատահած է այս դէպքը։ Ներկայիս այս երկրէն ներս կը սաստկանայ դիմադրութիւնը օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու մարմիններուն միջեւ։

Վարչապետի դէմ մահափորձին անդրադարձած է նաեւ «ԹԱՍՍ» ռուսական գործակալութիւնը, ըստ որու Լիպիոյ խորհրդարանը կը ձգտի հասնիլ նոր վարչապետի մը ընտրուելուն՝ պնդելով, որ Էլ Տիպէյպէի լիազօրութիւնները լրացած են տակաւին անցեալ դեկտեմբերի 24-ին, երբ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններ պէտք է տեղի ունենային երկրին մէջ։ Բայց եւ այնպէս, Ապտիւլհամիտ էլ Տիպէյպէ չի պատրաստուիր դադրեցնել իր լիազօրութիւնները՝ յայտարարելով, որ անոնք իր յաջորդին պիտի յանձնէ միայն ընդհանուր ընտրութիւններէն վերջ, որոնց ժամկէտը տակաւին որոշուած չէ։ Ան խորհրդարանի նախագահ Աքիլա Սալեհը կը մեղադրէ՝ երկիրը կրկին պառակտելու փորձ մը կատարելով։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022