ՊԱՔՈՒԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄԸ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցը լուծել՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Իր խօսքով՝ Պաքու պատրաստ է անվերապահօրէն Երեւանի հետ ձեռնարկել համապատասխան գործընթացին։

Մոլտովայի Արտաքին գործոց նախարարին հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Ճէյհուն Պայրամով դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան դէպի Հայաստանի հետ սահմանը՝ 110 քիլօմեթր երկարութեամբ երկաթուղիի մը կառուցման սկսած է տակաւին անցեալ տարի։ Հորատիզէն դէպի Հայաստանի սահմանը պիտի հասնի այդ երկաթուղին, որու շինարարութեան աւարտը նախատեսուած է 2023 թուականին։ «Ներկայիս շինարարական աշխատանքներու 27 տոկոսը աւարտած է։ Կը նախատեսուի կառուցումը աւարտել 2023 թուականին։ Սա կը վկայէ իր աշխատանքի նկատմամբ Ատրպէյճանի պատասխանատու մօտեցման մասին։ Իսկ Հայաստան, բացի հակասական յայտարարութիւններէ, ոչինչ կ՚ընէ», ըսաւ ան։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022