ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՓԱՌԱՏՕՆ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը բեղուն եւ եռանդուն տարեշրջան մը բոլորեց։ Իսկ աշակերտները անհամբերութեամբ կը սպասէին վերջընթեր օրուան, երբ պիտի ներկայացնէին խրախճանք մը, որ յատկացուած էր մայրենիին:
Այս խրախճանքին ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, ինչպէս նաեւ հիւրեր։
Վարժարանին մէջ կը տիրէր եռուզեռ փառատօնի առթիւ, որ կազմակերպուած էր երկու հանգրուաններէ։
Մրցումի դատակազմի անդամներն էին Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Թալին Պէրպէրօղլու, Սարվէն Սէրթշիմշէք եւ Եւգինէ Ինճիտիւզէն:
Առաջին հանգրուանը կը պատկանէր նախակրթարանի աշակերտներուն, իսկ երկրորդ փուլը՝ միջնակարգի սաներուն:
Փառատօնին բացումը միասնաբար կատարեցին վարժարանի հիմնադրի ներկայցուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք եւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու։
Փառատօնի ծրագրին համաձայն, առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ դասարանները հերթով բեմ բարձրացան ու հիւրասիրեցին իրենց ընկերները։ Թատերակներ ներկայացուցին՝ մասնակից դարձնելով նաեւ հիւր դասարանները իրենց գործունէութեանց։ Այս բաժնին մէջ աշակերտները ներկայացուցին երգեր, պարեր, հանելուկներ, շուտասելուկներ, համակարգչային խաղեր, մրցաշարքեր, գծումներ եւ մասնաւորաբար kahoot կոչուած եւ համակարգիչի միջոցաւ կատարուած մրցում-խաղը, որ ստեղծեց մայրենին գործածելու, զայն պանծացնելու վարժութիւնը:
Առաջին բաժնին յայտագիրը պատրաստած էին նախակրթարանի ուսուցչուհիներ՝ Աննա Սարը Սեչքին, Վերա Հէմէնկիւլ, Մարալ Չաքըր, Գարին Կիւնտիւզ եւ Լետա Ֆիտան:
Փառատօնի երկորոդ հանգրուանի ընթացքին աշակերտները մասնակցեցան արտասանութեան մրցման մը, զոր պատրաստուած էր հայերէնի ուսուցչուհիներ Նաժտա Տէմիրճիօղլու եւ Թամար Մանկասարեանի կողմէ։ Վեցերորդ, եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու տղաքը մասնակցեցան այս մրցման։ Այս առթիւ հանդէս եկան՝ Արման Տէօքմէճեան, Սերենա Տաւիթօղլու, Տորա Սեչքին, Ժասմին Սաղլամ, Դալար Խաչիկեան, Ռուբէն Գարագաշ, Տիգրիս Կիւլ, Արտա Պոլաք, Արեգ Պէրպէրօղլու, Քեւըն Ալանսաթան, Մելանի Գօշուն, Լիզա Մուրատտաղը, Ալէն Ճանճիկ, Անտրէ Կէօզիւպիւյիւքօղլու, Սէրճան Շէնկէզէր, Ալփէն Փորթագալեան, Գլոտիա Քէօրօղլուեան, Աւետիս Մարգարեան, Սարին Նեւրուզ, Օշին Շաքարեան, Արաս Հէմէնկիւլ։
Արտասանութեան մրցման իրենց նուագներով մասնակցեցան՝ Սարին Նեւրուզ, Տորա Սեչքին, Նիքոլ Թէզճան, Եասմին Սաղլամ եւ Արեգ Պէրպէրօղլու:
Արտասանութիւններու աւարտին երբ դատակազմը արդիւնքը որոշելու համար առանձնացաւ, մինչ այդ երաժշտութեամբ ու պարերով բեմ առին հինգերորդ դասարանի աշակերտները:
Ապա կարգը եկաւ յայտարարութեան մրցման արդիւնքներուն, զորս կատարեց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ան իր ամէն ատենուան հոգածութեամբ գնահատեց, շնորհաւորեց մասնակիցները ու յայտարարեց, թէ առաջին հանդիսացած էր Արաս Հէմէնկիւլ, երկրորդ՝ Դալար Խաչիկեան, իսկ երրորդ՝ Աւետիս Մարգարեան, որոնք ստացան զանազան պարգեւներ:
Այսպէսով վերջ գտաւ մայրենիի փառատօնը, որ վստահաբար Արամեան-Ունճեան վարժարանի երդիքին տակ դառնայ աւանդութիւն։
Իսկ արամեանցիներն ալ արդիւնաւէի կրթաշրջան մը բոլորելէ ետք՝ ուրախ տպաւորութեամբ մեկնեցան արձակուդրի։