Շաբաթ 8, Փետրուար 2025
ՊԼԻՆՔԸՆ-ԼԸ ՏՐԻԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ քննարկեցին միջազգային օրակարգի զանազան առաջնահերթ հարցերը։ Ուաշինկթընի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Պլինքըն եւ Լը Տրիան քննարկած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքը՝ նպատակ ունենալով Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին նպաստել՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ բոլոր հարցերը լուծելու համար։ Ծանօթ է, որ Ֆրանսա եւ ԱՄՆ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներու շարքին են՝ Ռուսաստանի հետ։
Փարիզի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Պլինքըն եւ Լը Տրիան քննարկած են Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի՝ վերջին օրերու դէպի Մոսկուա, Քիեւ եւ Պերլին ուղեւորութեան արդիւնքները։
Ուրբաթ, Փետրուար 11, 2022