ԹՈՒՐՔԻԱ-ԱՄԷ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԱՅՑՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Ապու Տապի։ Այս այցելութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) միջեւ ստորագրուի 12 նոր համաձայնագիր, ինչ որ նոր թափ մը պիտի ապահովէ երկու երկիրներու համագործակցութեան։ Նախագահ Էրտողան պաշտօնական այցելութեան ընթացքին կը հիւրընկալուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահիանի կողմէ։ Երկօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին Էրտողան եւ Էլ Նահիան նախ կ՚ունենան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք կը մասնակցին նաեւ փաստաթուղթերու ստորագրման հանդիսաւոր արարողութեան։

Այսօրուան ուղեւորութեան ձեռնարկելէ առաջ նախագահ Էրտողան յայտարարութիւններ ըրաւ արաբական մամուլին։ Ըստ իրեն, իր այցը ապացոյց մըն է Թուրքիոյ կողմէ ԱՄԷ-ի հետ բարեկամութեան նկատմամբ ընծայուած կարեւորութեան։ Բաց աստի, այս այցը առիթ պիտի հանդիսանայ երկկողմանի համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի զարգացնելու։ Երկու երկիրները որդեգրած են յառաջիկայ տարիներուն իրենց առեւտուրի ծաւալը կրկնապատկելու նպատակը։ Անգարա եւ Ապու Տապի կրնան նպաստել տարածաշրջանային խաղաղութեան, համագործակցութեան եւ բարգաւաճման։ Ուստի, երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ջանքերը պիտի նպաստեն նաեւ համաշխարհային մակարդակի վրայ կայունութեան ապահովման։

Միւս կողմէ, Էլ Նահիանի դիւանագիտութեան գծով խորհրդականը՝ Էնվէր Կարկաշ յայտնեց, որ Էրտողանի այցը առիթ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ նոր ու դրական էջ մը բացուի։  

Երկուշաբթի, Փետրուար 14, 2022