ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Համազգայինի թատերախումբը վերջին օրերուն Թեհրանի մէջ մասնակցեցաւ «Ֆաճր» միջազգային թատերական փառատօնին։ 6-11 փետրուարին տեղի ունեցան հիւրախաղերը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստան-Իրան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման երեսնամեայ յոբելեանի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան ձեռնարկները։ Թատերախումբը բեմադրեց Յովհաննէս Թումանեանի «Լոռեցի Սաքոն» գործը։

«Նազերզատեհ» սրահին առընթեր ներկայացումները կրկնուեցան Թեհրանի եւ Սպահանի՝ հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան սրահներէն ներս։ Թէ՛ տեղացի եւ թէ իրանահայ հանդիսատեսներ անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դարձուցին ձեռնարկները։

Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Արսէն Աւագեան եւ դեսպանութեան անձնակազմն ալ հետեւեցան ներկայացումներուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022