ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ԽՐԱԽՈՅՍ

Ամերիկահայ Արիս եւ Անժելա Իսթամպոլեան բարերար ամոլը որոշած է կարեւոր նուիրատուութիւնով մը զօրակցութիւն բերել սփիւռքի հայկական կրթական շարժման։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Թորգոմ Եպսկ. Տօնոյեան վերջերս հիւրընկալեց Իսթամպոլեանները, որոնք հոգեկան անսահման ուրախութեամբ զօրակցութիւն յայտնեցին՝ Ազգային Արիս-Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանը միջնակարգի վերածելու ծրագրին։ Անոնք 2 միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրեցին այս նախագծի կեանքի կոչման նպատակով՝ ի յիշատակ իրենց բարեյիշատակ ծնողաց Ոսկան եւ Էլիզ Իսթամպոլեաններուն։ Հարկ է նշել, որ այս դպրոցը կը գտնուի Օրընճ Քաունթրիի մէջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022