«ԱԶԱՏ ԶՈՅԳ»Ը
Շաբաթավերջին բախտաւորութիւնը ունեցայ ներկայ գտնուելու Մաչանենց թատրոնին մէջ ներկայացուած, իտալացի թատերագիր եւ բեմադրիչ Տարիա Ֆոյի եւ իր կնոջ՝ դերասանուհի եւ Նոպէլեան մրցանակակիր Ֆրանքա Ռամէի կողմէ գրուած «Ազատ զոյգ» (The Open Couple) թատերախաղին, որ ներկայացուեցաւ այլ ամոլի՝ բեմադրիչ եւ դերասան Գրիշա Մնոյեանի եւ Լիթիթ Յարութիւնեանի կողմէ:
Թատերախաղ, ուր վերցուած էր կեանքի ու թատրոնի սահմանագիծը եւ թատրոնը մօտեցած էր կեանքին, իսկ դերասանը մարդուն, որովհետեւ հակառակ այն իրողութեան, որ թատրերգութիւնը գրուած է մեր թուականէն 39 տարիներ առաջ, ցայսօր կը շարունակէ պահել իր այժմէականութիւնը, որ ամոլի մասնագիտացուած դերասանութեամբ ծիծաղելու կողքին մտածել կու տայ հանդիսատեսին։ Այժմէական, որովհետեւ մեր ապականած ընկերային կեանքի նմանակումն է, որ կը տեսնենք այդտեղ. 1983 թուականին գրուած թատրերգութիւնը մինչեւ օրս կը պայքարի այն թիւր տեսութեան դէմ, որ կ՚ընդունի, թէ տղամարդու կնոջ հանդէպ կատարած դաւաճանութիւնը բնական, սակայն կնոջ ամուսնոյն հանդէպ կատարած դաւաճանութիւնը անբնական ու խափանուած է:
Ներկայացման մէջ ամուսինը իր կինը կը փորձէ համոզել, որ պէտք է «ազատ» ապրիլ. տան մէջ իրար հանդէպ յարգանք ու սէր ունենալ, սակայն անկէ դուրս ունենալ ազատութիւն. ազատութիւն նոյնի՛սկ սեռական կեանքի մէջ ու որպէս «ազատամիտ»ներ առանց խպնելու կամ ամօթի զգացումը ունենալու պատմեն իրարու ամէ՛ն բան... նոյնիսկ դաւաճանութիւնները: Կինը այս գաղափարներուն դիմաց բազմիցս ինքնասպան ըլլալու միտքը կ՚ունենայ, սակայն վերջաւորութեան կը փորձէ ձեւացնել, թէ ինք համաձայն է ամուսնոյն «ազատ զոյգ» ըլլալու գաղափարին. կինը իր կարգին կը սկսի ամուսնոյն պատմել գոյութիւն չունեցող սեռական արկածախնդրութիւններուն ու դաւաճանութիւններուն մասին, որ այնքան ալ չ՚ուրախացներ «ազատամտութեան» մունետիկը, որ լսածներուն դիմաց այս անգամ ի՛նք ինքնասպան ըլլալու միտքը կ՚ունենայ:
Ա.- «ԱԶԱՏԱՄՏՈՒԹԻՒՆ».- եթէ թատրերգութեան մէջ ամուսինը կ՚ուզէ համոզել իր կինը «ազատ զոյգ» ըլլալու գաղափարին, այսօր այդ անվայել պարտականութիւնը ստանձնած է արուեստագիտութիւնը, որ զանազան ձեւերով կը փորձէ թէ՛ մարդը եւ թէ՛ կինը ազատամտութեան հրաւիրել, պատճառ դառնալով ընտանեկան անդրութեան կործանումին. ուսումնասիրեցէ՛ք այսօր հանրութեան հրամցուած ժապաւէնները. այդտեղ անպակաս են դաւաճանութիւններն ու «ազատամիտները», որոնք ծանուցումը կը կատարեն անբարոյական կեանքի քաղցրութեան: Այդ ժապաւէնները կը փորձեն փոխանցել այն գաղափարը, որ պէտք է հետեւիլ «ճշմարիտ սիրոյ»ն, խորտակելով ամէ՛ն սրբութիւն:
Թատրերգութիւնը իր բովանդակութեամբ կրնայ մեր ընկերային կեանքի ապագան դառնալ, որովհետեւ մենք օտարներէն միայն վատն է, որ կ՚ընդօրինակենք, կը փորձենք անոնց բարքերով ու կենցաղով ապրիլ. այսպիսով անբարոյականութեամբ ապրողին համար բարոյական կեանք ունեցողը կը դառնայ «հին գլուխ», իսկ «հին գլուխին» համար ազատամիտը՝ անբարոյական ու այսպէս դանայեան տակառի մէջ նետուած հարցի մը նման անվերջ օրէն կը շարունակուի:
Բ.- ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԻՒՆ.- ներկայացման հետեւելու ժամանակ, երբ տեսայ կնոջ «դաւաճանութեան» դիմաց ամուսինը կ՚ուզէ ինքնասպան դառնալ, յիշեցի Մատթէոս Աւետարանի այն խօսքը, որ մինակը աշխարհը փրկելու կարողութիւնը ունի. «ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց» (Մտ. 7.12): Այսօր բոլորս ալ նման ենք «Ազատ զոյգ» ներկայացման մէջի ամուսնոյն, որ կ՚ուզէ դաւաճանել, սակայն չ՚ուզեր դաւաճանուիլ. այսօր բոլորս կ՚ուզենք բամբասել, սակայն չեն ուզեր բամբասուիլ, կ՚ուզենք անտեսել, սակայն չենք ուզեր անտեսուիլ:
Եթէ իրապէս իրար հանդէպ ընէին այն բոլորը, որ պիտի չուզէինք որ մեզի ընեն, այսօր դը-րախտավայր մըն էր աշխարհը:
Այսօր մեր ընկերութեան մէջ եւս անպակաս են նման ամուսիններ, որոնք իրենց դաւաճանութիւնը արդար, սակայն կնոջ դաւաճանութիւնը անարդար կը գտնեն. վերջերս խօսակցութեան մը ընթացքին անձ մը կ՚ըսէր. «եթէ տղամարդը իր կնոջ վրայ սիրած չունենայ, ինքզինք տղամարդ չի զգար». տակաւին աւելին. հանդիպած կիներու, որոնք իրենց ամուսնոյն դաւաճանութեան զոհ կը դառնան, սակայն իրենք հաշտուած են այն գաղափարին հետ. «տղամարդ է... պիտի ընէ՛...»:
Ցաւ ի սիրտ, ամուսնական կեանքի մասին դաստիարակութիւնը կը պակսի մեր ընկերութենէն ներս, որովհետեւ տեղ մը ամուսնութիւնը իրար հանդէպ սիրահարութիւն զգալէ տարբեր բան կը պահանջէ:
Թատրոնն ու կեանքը մի՛շտ եղած են անբաժան, որովհետեւ հոն բեմին վրայ մարդկային կեանքն է, որ ներկայացուած է. թէեւ ծիծաղաշարժ ու կատակներով լեցուն Գրիշան եւ Լիլիթը շա՜տ մը նիւթերու մասին խօսեցան, որ իրապէս արժանի են խորհրդածութեան:
Ձեր վարձքը կատա՛ր բազմաշնորհ զոյգեր:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿ
(1885-1915)
Մեր թուականէն 137 տարիներ առաջ՝ 15 փետրուար 1885-ին Սիլիվրիի մէջ ծնած է բանաստեղծ, արձակագիր եւ բժիշկ Ռուբէն Սեւակ (բուն անունով Ռուբէն Չիլինկիրեան):
Ռուբէն Սեւակ նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանէն ներս: Աշակերտական տարիներէն յատուկ սէր ունեցած է գիտութեան հանդէպ, զոր նկատած է Պէրպէրեան վարժարանի տնօրէն Ռեթէոս Պէրպէրեան եւ զինք ղրկած Եւրոպա՝ բժշկական ուսում ստանալու:
Ռուբէն Սեւակ 1905 թուականին ընդունուած է Եւրոպայի մեծագոյն ուսումնարաններէն Լոզանի համրալսարանի բժշկական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1911 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք Լոզանի մէջ ամուսնացած է օտարազգի օրիորդի մը հետ եւ պաշտօն ստանձնած Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն դարմանատան մէջ, բժիշկի օգնականի պաշտօնով:
Ռուբէն Սեւակ իր մասնագիտութեան կողքին զբաղուած է գրականութեամբ. անոր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են «Սուրհանդակ», «Ազդակ», «Ազատամարտ», «Հայ Գրականութիւն», «Շանթ», «Բազմավէպ» եւ այլ պարբերականներու մէջ: Ռուբէն Սեւակի գործերը մեծ մասամբ հրատարակուած են յետ մահու։ Կենդանութեան անոր գործերը լոյս տեսած են մամուլի մէջ. 1910 թուականին առաջին անգամ ըլլալով հրատարակած է իր «Կարմիր գիրք» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն: Անոր յայտնի գործերէն են «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր» աշխատութիւնը, որ արժանացած է մէկէ աւելի հրատարակութիւններու:
Սեւակ 1914 թուականին վերադարձած է Պոլիս եւ դասախօսութիւններով հանդէս եկած Պոլսոյ հայ բժիշկներու կազմակերպած հիւանդապահութեան դասընթացքներուն:
Համաշխարհային Ա. պատերազմին հայ մտաւորականութեան հետ միատեղ ձերբակալուած է նաեւ Ռուբէն Սեւակ եւ որոշ ժամանակ մնալով Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ աքսորուած է Չանքըրը: Բանտարկութեան տարիներուն Սեւակ Չանքըրըի մէջ բուժած է թուրք աւազակապետ Արապաճի Իսմայիլի աղջիկը. վերջինս Սեւակի առաջարկած է զինք բանտէն ազատել այն պայմանով, որ ընդունի իսլամական կրօնը եւ ամուսնանայ իր աղջկան հետ. բանաստեղծը մերժած է այս առաջարկը եւ այսպիսով 13 օգոստոս 1915 թուականին մտաւորական այլ չորս բարեկամներու հետ միասին քարկոծումով սպաննուած է:
Յետ մահու Սեւակի եղբօրորդին՝ Յովհաննէս Չիլինկիրեան Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքը գտնուող Նիս քաղաքին մէջ հիմնած է Ռուբէն Սեւակի տուն-թանգարանը. Երեւանի թիւ 151 դպրոցը կոչուած է Ռուբէն Սեւակի անունով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024