Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ՆԻՍՏ ՄԸ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐԷ ՇՈՒՇԻԻ ՀՌՉԱԿԱԳՐԻ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ
Հայաստանի Ազգային ժողովը յառաջիկայ շաբթուան մէջ արտահերթ նիստ մը պիտի գումարէ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Շուշիի հռչակագրի վաւերացման կապակցութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երեսփոխաններու նախաձեռնութեամբ խորհրդարանական արտահերթ ժողովը նախատեսուած է փետրուարի 23-ին, կէսօրուան ժամերուն։
Այս արտահերթ նիստը պիտի իրականանայ «Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ։ Այսպէս, ընդդիմադիր խմբակցութիւնը առաջարկած է նաեւ, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը դատապարտող յայտարարութիւնով մը հանդէս գայ այս կապակցութեամբ։
Հինգշաբթի, Փետրուար 17, 2022