ՏՀԱՃ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգի գրեթէ բոլոր հրատապ հարցերուն։ Ռոպերթ Քոչարեան, որ գործնականօրէն խորհրդարանի «Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարն է, երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ալ ծանր քննադատութիւններ հասցէագրեց իշխանութիւններուն։

Անդրադառնալով մօտալուտ արտահերթ նախագահական ընտրութիւններուն՝ Ռոպերթ Քոչարեան հանդէս եկաւ ուշագրաւ առաջարկով մը։ Այսպէս, ներկայ պահուն Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար լաւագոյն թեկնածուն կ՚ըլլար Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ յարգանք վայելող ոեւէ սրբազան։ Իր խօսքով՝ իշխանութիւնը նախագահի թեկնածու առաջարկած է անձնաւորութիւն մը, որ Սահմանադրութիւնով նախատեսուած որակներուն չի համապատասխաներ։ «Կարո՞ղ էինք մենք առաջարկել մէկը՝ օգտագործելով ամպիոնը. այո, կարող էինք։ Բայց, ես ալ համոզուած եմ, թէ պէտք չէր ընել այդ բանը, որովհետեւ սա բեմադրութիւն է։ Ես չեմ կարծեր, թէ մենք այդ բեմադրութեան ժամանակ յարդարանքի դեր խաղանք։ Ուղղակի հնարաւոր չէ, թէ մենք պէտք է մտնենք գործընթացի մը մէջ, ուր յաջողութիւն չ՚երեւիր։ Եթէ մենք կ՚ուզենք ունենալ անաչառ եւ ազգային շահերով առաջնորդուող նախագահ, երբ մեր ազգը բեւեռացած է, երբ պէտք է մարդ մը, որ պիտի կարողանայ կամուրջներ փնտռել եւ փորձել միաւորել, մեր ազգային, մեր վտանգուած ինքնութիւնը պահպանել, լաւագոյն տարբերակը այս պահուն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ յարգանք վայելող ոեւէ սրբազանը կ՚ըլլայ։ Իմ համոզմամբ, այս օրհասական իսկ պահուն նման թեկնածուն պիտի ըլլար լաւագոյնը։ Սա առաջարկ համարեցէք եւ այս առաջարկի շուրջ, այո, կարելի է պայմանաւորուիլ», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան։

Ներքին քաղաքական կեանքի վերաբերեալ դիտարկումներուն ժամանակ Ռոպերթ Քոչարեան նշեց, որ իշխանութեան դէմ ծայրայեղ վատ վերաբերմունք ունեցողներու թիւը շեշտակիօրէն աճած է։ Կան նաեւ ընդդիմութենէն հիասթափուածներ, որովհետեւ անոնք աւելի արմատական քայլեր կը պահանջեն։ Անոնք, որոնք ընդդիմութենէն կը հիասթափուին, իշխանութեան համակիր չեն դառնար։

Միեւնոյն ժամանակ, Ռոպերթ Քոչարեան նշեց, որ երկրէ ներս փողոցային պայքարի մը համար իրավիճակը տակաւին հասունցած չի համարուիր։

Ան խօսեցաւ նաեւ Ուքրայնա-Ռուսաստան լարուածութեան շուրջ եւ աւելցուց, որ հաւանական պատերազմը որեւէ լաւ բան չի կրնար բերել Հայաստանի տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 18, 2022