Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ԱՅՑ
Կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի Muaythai հաւաքականը այս օրերուն մրցաշարքի մը մասնակցելու նպատակով կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Ներկայ շաբթուայ սկիզբէն ի վեր մարզիկները քաղաքիս մէջ են՝ գլխաւորութեամբ մարզիչ Ալեք Աղապալեանի եւ մարզիչ Մհեր Թորոսեանի։
Այս մրցաշարքը սոյն մարզաձեւի Եւրոպայի առաջնութիւնն է։ Մասնակից մարզիկներն են՝ Ալպերթ Մանկասարեան, Սերկէյ Քարաեէլ, Միքայէլ Կարապետեան, Արթուր Պօղոսեան, Հրայր Յարութիւնեան, Գոռ Նազարեան, Նարեկ Խաչիկեան, Կարէն Մարտիրոսեան եւ Դաւիթ Հայրապետեան։ Ներկայ պահու դրութեամբ անոնցմէ ոմանք զտուած են, ոմանք ալ կը շարունակեն մրցակցութիւնը։
Կիրակի պիտի վերադառնայ այս խումբը, որուն քաղաքիս մէջ կ՚ուղեկցի նաեւ մեր մարզասէր ազգայիններէն Նազար Հանչէր։
Ուրբաթ, Փետրուար 18, 2022