ԷՐՏՈՂԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՍԹՈԼԹԵՆՊԵՐԿԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը շնորհաւորութիւններ յղեց Թուրքիոյ՝ դաշինքի անդամակցութեան 70-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Նախագահ Էրտողանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Սթոլթենպերկին, որ յստակօրէն կը շեշտադրէ Թուրքիոյ անհրաժեշտ դիրքը ՆԱԹՕ-է ներս։

Հեռախօսազը-րոյցի ընթացքին Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Ուքրայնայի տագնապին։ Իր խօսքով՝ այս ճգնաժամն ալ վերահաստատած է Թուրքիոյ կողմէ ապահովուած յաւելուած արժէքը դաշինքի ի նպաստ։ Այս տագնապի առաջին իսկ օրէն Անգարա ունեցած է այն համոզումը, թէ լուծումը պէտք է ըլլայ դիւանագիտութեան ճամբով։ Թրքական կողմը պատրաստակամ է ղեկավարներու եւ կամ թեքնիկ մակարդակով բանակցութիւններ հիւրընկալելու եւ այս հանգամանքէն տեղեակ պահուած են թէ՛ Մոսկուան եւ թէ Քիեւը։

Էրտողան-Սթոլթենպերկ զրոյցին ժամանակ օրակարգի վրայ եկան նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցեր։ Նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիոյ ամենաբնական իրաւունքն է՝ դաշնակիցներէն զօրակցութիւն ակնկալել այս ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Փետրուար 19, 2022