ԱՇԽԱՐՀԻ ՅԱՅՏՆԻՆԵՐԸ՝ ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱՉՔՈՎ

19-րդ դա­րա­վեր­ջի եւ 20-րդ դա­րու հա­յազ­գի շուրջ քսան լու­սան­կա­րիչ­նե­րու գոր­ծե­րը ներ­կա­յա­ցուած են այս օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցուած ե­զա­կի ցու­ցա­հան­դէ­սով մը, որ կը կո­չուի «Յայտ­նի­նե­րը՝ հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու աչ­քե­րով»։ «Ե­րե­ւա­նեան ա­մառ 2015» մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն շրջագ­ծով կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի այս ծրա­գի­րը, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի «Հայ-արթ» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի յար­կէն ներս։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ցու­ցա­հան­դէ­սին ընդգր­կուած են Ապ­տուլ­լահ եղ­բայր­նե­րու, Ան­թուան Սեւ­րու­գի­նի, Եու­սուֆ Գար­շի, Ար­թօ Գա­վու­քի, Ա­րա Կիւ­լէ­րի, Յով­հան­նէս Քիւրք­ճեա­նի, Գե­ղամ Թար­վեր­դեան­ցի, Անդ­րա­նիկ Քո­չա­րի աշ­խա­տանք­նե­րը։ Այս վար­պետ­նե­րը հաս­տա­տուե­լով զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ, կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ի­րենց տա­ղան­դի եւ աշ­խա­տա­սի­րու­թեան շնոր­հիւ զգա­լի ներդը-րում ու­նե­ցած են տուեալ երկ­րի մշա­կու­թա­յին կեան­քէն ներս, նաեւ ձեռք բե­րած հա­մաշ­խար­հա­յին հռչակ։ Ա­նոնց, ինչ­պէս նաեւ տաս­նեակ այլ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու մա­սին պատ­մող ու լու­սան­կար­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ներ­կա­յաց­նող նիւ­թե­րը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հա­ւա­քուած են հայ եւ որ­դի Անդ­րա­նիկ ու Վա­հան Քո­չար­նե­րուն կող­մէ եւ ամ­փո­փուած՝ տա­կա­ւին 2007 թուա­կա­նին հրա­տա­րա­կուած «Հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­րը» գիր­քին մէջ, ո­րուն զօ­րակ­ցած էր Հա­յաս­տա­նի հան­գու­ցեալ վար­չա­պետ Անդ­րա­նիկ Մար­գա­րեան։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ըն­թաց­քին Վա­հան Քո­չար ընդգ­ծեց, թէ ներ­կա­յա­ցուած լու­սան­կար­նե­րուն մէկ մա­սը բնագ­րեր են, այս հան­գա­ման­քը ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կը դարձ­նէ իր տե­սա­կին մէջ բա­ցա­ռիկ։ Հարկ է նշել, որ Վա­հան Քո­չա­րի փա­փա­քով հա­ւա­քա­ծոն նուի­րուած է Ե­րե­ւան քա­ղա­քի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015