ԵԱՀԿ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ԵՌԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաու վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներուն հետ։ Վարշաւիոյ մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ։ ԵԱՀԿ-ի լեհական նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Զպիկնիեւ Ռաու բարձր գնահատած է՝ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ու բարգաւաճման հասնելու նպատակով Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին աջակցելու ուղղեալ շարք մը ջանքերը, որոնք կը գործադրուին եռանախագահներուն կողմէ։ Ռաու վերահաստատած է իր աջակցութիւնը՝ ի նպաստ Մինսքեան խմբակին եւ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 21, 2022