ՄԱՐԴՈՒԺԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

Հայաստանի «Իմ քայլը» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Մխիթար Հայրապետեան վերջերս աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Քաթար։ Յիշեալ հիմնադրամի աղբիւրները երէկ Երեւանէն տեղեկացուցին, որ ան հանդիպում մը ունեցած է Քաթարի արքունիքէն շէյխուհի Հինտ Պինթ Համատ Ալ-Թանիի հետ, որ Քաթարի ներկայ էմիրի հարազատ քոյրն է եւ գործադիր տնօրէնուհին՝ Քաթարի հիմնադրամին։

Զրոյցի ընթացքին փոխադարձաբար ներկայացուեցան երկու հիմնադրամներու կողմէ իրականացուած ծրագրերը, քննարկուեցան համագործակցութեան ուղիները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներէ ներս համատեղ նախագծեր իրականացնելու հնարաւորութիւններուն՝ մարդուժի զարգացման ուղղեալ նախաձեռնութիւններու համատեսքին մէջ։

Զրուցակիցները շօշափեցին նաեւ վերոյիշեալ բնագաւառներէ ներս փորձառութեան փոխանակման, թեքնիկ հնարաւորութիւններու փոխադարձ օգտագործման վերաբերեալ հարցեր։ Զրոյցի աւարտին համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի ստեղծուին աշխատանքային խումբեր եւ քննարկուին անոնց փոխադարձ այցելութիւններու հեռանկարները։

Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Քաթարի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 22, 2022