ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անոնք քննարկեցին 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը։ Փութին Փաշինեանը հրաւիրեց՝ յառաջիկայ գարնան պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Մոսկուա։ Իր կարգին, Փաշինեանն ալ Փութինը Երեւան հրաւիրեց։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։
Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցը զուգադիպեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Մոսկուա այցելութեան օրուան։ Ան երէկ ժամանեց Մոսկուա, ուր օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի կողմէ։ Այսօր նախատեսուած են Փութին-Ալիեւ բանակցութիւնները։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք եւս կը քննարկեն Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական ու փոխադրական կապերու ապաշրջափակման հարցը։ Նախագահները կը շօշափեն զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Բանակցութիւններէն վերջ կը ստորագրուի Մոսկուա-Պաքու դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր մը։
Ուքրայնայի տագնապով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ Արեւմուտքը կը նախատեսէ պատժամիջոցներ սահմանել Ռուսաստանի դէմ։ Այս ծիրէն ներս կը նախատեսուի Ռուսաստանէն դէպի Եւրոպա բնական կազի հոսքը ընդհատել։ Ուստի, այլընտրանքներու որոնումի մէջ Արեւմուտքը հետզհետէ լրջօրէն կ՚արժեւորէ Ատրպէյճանի հետ համագործակցութեան խորացումը։ Ուստի, այս քոնժոնքթիւրը նոր երանգ մը կը վերագրէ Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։
ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄՆԵՐ
Միւս կողմէ, Ատրպէյճան վերջին օրերուն Հայաստանի եւ Արցախի նախկին շարք մը բարձրաստիճան պետական այրերուն դէմ միջազգային քրէական հետապնդումներ յայտարարած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Աւագ դատախազութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ այդ հետապնդումներն ու հետախուզումները ապօրինի են ու անհիմն։ Այդ գործողութիւնները ունին քաղաքական շարժառիթներ նաեւ թշնամանքի դրսեւորումներ կը համարուին։