ԱՆԻ ՔԱՂԱՔԻ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ պատմական Անի քաղաքի համակիրներէ բաղկացեալ խումբ մը։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Ալի Կիւրպիւզ Սատըքօղլու, Էրպիլ Հիւրեուրթ, Իհսան Աքքուշ, Օսման Պաշչիֆթճի, Էօզկիւր Տենիզ եւ Իրմա Աբգար։ Սիրողներու այս խումբը հետամուտ է միջնադարեան այս քաղաքը մեր օրերուն աւելի յայտնի դարձնելու ուղղեալ ծրագրերու։ Երէկուան զրոյցի ընթացքին ալ անոնք Նորին Ամենապատուութեան բացատրութիւններ տուին իրենց այդ գործունէութեան շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ հիւրընկալութեան մթնոլորտի մէջ ունկնդրեց իրեն տրուած բացատրութիւններուն։ Ան ընդգծեց մշակոյթի կարեւոր նշանակութիւնը բոլոր առումներով, կարեւորեց հազարամեայ Անի քաղաքի ժառանգութիւնը ու կանգ առաւ զայն պահպանելու եւ յաջորդ սերունդներու փոխանցելու հրամայականին վրայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ մշակոյթի եւ գեղարուեստի բնագաւառներէ ներս համագործակցութիւնը դրական հեռանկարներ կը խոստանայ հարեւան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական կապերու մշակման ուղղութեամբ։
Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ հիւրերը Նորին Ամենապատուութեան նուիրեցին Անիի մասին անգլերէնով գիրք մը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ընծայուած ընդունելութեան համար։