ԳԱՂՏՆԱԶԵՐԾՈՒԱԾ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ
Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ, գիրք նուիրելու օրուան առթիւ, տեղի ունեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ, որոնցմէ մէկը՝ ամերիկագէտ Սուրէն Սարգսեանի «Հայաստանն ու Պուշն անձամբ» խորագրով գիրքին շնորհանդէսն էր: Այս առիթով նաեւ «Քոնկրէս» պանդոկին մէջ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն շուրջ, տեղի ունեցաւ քննարկում մը՝ «Պուշէն մինչեւ Պայտըն» խորագրով:
Ուշագրաւ գիրք մը գրած է քաղաքագէտ Սուրէն Սարգսեան: Գիրքը գաղտնազերծուած բացառիկ փաստաթուղթերու հիման վրայ կը պատմէ հայ-ամերիկեան առաջին հաղորդակցութիւններուն մասին։ Աշխատութիւնը ունի նաեւ քովընտի խորագիր մը՝ «1988-1992. Հայ-ամերիկեան շփումներու գաղտնազերծուած մանրամասներ»: Հեղինակին հաղորդմամբ, 1988-1992 թուականները շատ կարեւոր թուականներ եղած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն խորքային էութիւնը հասկնալու համար, քանի որ այդ նոյն տարիներուն էր, որ ձեւաւորուեցաւ ամերիկեան քաղաքականութիւնը մեր տարածաշրջանին նկատմամբ: Տարածաշրջան մը, որ ատկէ առաջ հասանելի չէր ամերիկացիներուն:
Գաղտնազերծուած փաստաթուղթերէն մեկնելով՝ Սուրէն Սարգսեան գիրքին մէջ ցոյց կու տայ, թէ ինչ հիմնարար շահեր ունի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ Ղարաբաղի խնդրին կարգաւորման հարցերուն մէջ։ Այդ առումով ան գիրքին մէջ կը ներկայացնէ ցարդ չհրապարակուած փաստեր, մանրամասնութիւններ «Կոպլի ծրագրի»ն, 907-րդ բանաձեւին, Ճորճ Պուշի որդիին Հայաստան այցելութեան, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի վարած բանակցութիւններուն մասին։ Այս ամէնը շարադրուած է աշխարհաքաղաքական պատմական ցնցումներու համաթեքստին մէջ։ Հեղինակը այս ուսումնասիրութիւնը ամբողջացնելու համար աշխատած է ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքի՝ Փենթակոնի, ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքական գլխաւոր գերատեսչութեան՝ Պետական քարտուղարութեան, Սպիտակ տան, անվտանգութեան խորհուրդի եւ այլ հիմնարկներու արխիւներուն մէջ, զրոյցներ ունեցած է հայ եւ ամերիկացի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ:
Առաջին անգամ այս աշխատութեան ընդմէջէն կը հրապարակուին նաեւ ամերիկացի դիւանագէտներու՝ Երեւանէն Ուաշինկթըն ուղարկած գաղտնի զեկուցագրերն ու Ուաշինկթընէն եկած գաղտնի հրահանգները։ Կան տեղեկութիւններ նաեւ Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ կողմէ նախատեսուած միջամտութեան մասին, որմէ Թուրքիան զերծ մնացած է նոյնինքն Պուշի ճնշման հետեւանքով:
Այս քաղաքագիտական աշխատութիւնը հարուստ է նաեւ միջազգային աղբիւրներով, արխիւային փաստաթուղթերով, լուսանկարներով ու հարցազրոյցներով, որոնք կրկին առաջին անգամ կը հրապարակուին: Ընթերցողը կը ծանօթանայ հայ եւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հանդիպումներուն, թէ ինչպէ՛ս կը խօսէին անոնք, ինչպէ՛ս կը պատկերացնէին յետխորհրդային նոր աշխարհակարգը եւ ի վերջոյ ի՛նչ կ՚ուզէին անոնք իրարմէ:
Սուրէն Սարգսեանի այս գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Հայաստանի «Նիւմէկ» հրատարակչութեան կազմակերպած «Գիրքի ձմեռնային փառատօն»ին ընթացքին: Գիրքը հրատարակած է «Նիւմէկ»: Հրատարակչատունը նոյն օրը կատարեց նաեւ իր հրատարակած ուրիշ գիրքերու շնորհանդէսներ եւս, թիւով ութ նոր գիրք, բոլորն ալ հետաքրքրական նիւթերով:
Սուրէն Սարգսեան (ծնած 1981 թուականին) իրաւաբան, քաղաքագէտ եւ ամերիկագէտ է։ Ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանը, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը, ԱՄՆ-ի Թաութսի համալսարանի Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցէն 2010 թուականին ստացած է միջազգային իրաւունքի մագիստրոսի աստիճան։ Զանազան տարիներ աշխատած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին, կառավարութեան եւ Ազգային ժողովին մէջ։ 2017 թուականէն ի վեր Սուրէն Սարգսեան Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի նախագահն է։
«Հայաստանն ու Պուշն անձամբ»ը գիտնականին առաջին գիրքն է, նուիրուած է որդիին՝ Արմէնին, եւ արդէն երկրորդին վրայ կ՚աշխատի:
Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կը գրէ, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ վճռորոշ ազդեցութիւն գործած է երեք իրադարձութիւն. 1988 թուականի երկրաշարժը, Հայաստանի անկախութեան հռչակումը եւ Ղարաբաղի պատերազմը: Այդ տարիներուն ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը միտուած էր Խորհրդային Միութեան անխուսափելի փլուզման հետեւանքները մեղմելու: Սպիտակ տունն ու պետական քարտուղարութիւնը ամէն ջանք կը գործադրէին, որ ցնցումները կարելի եղած չափով թեթեւ անցնին եւ նորաստեղծ պետութիւնները արագօրէն կազմակերպեն իրենց ժողովրդավարական կառոյցներուն հիմնումն ու կայացումը:
Ինչպէս հեղինակը կը նշէ՝ Միացեալ Նահանգներու նպատակն էր օգնել, որ յետխորհրդային երկիրները, այդ կարգին նաեւ՝ Հայաստանը, դուրս գան համայնավարական քաղաքական աւանդոյթէն եւ ընկերվարական տնտեսութեան կառուցուածքէն:
«ԱՄՆ-ը կը շտապէր, շատ լաւ հասկնալով, որ կրնայ անկաշկանդ գործել, քանի տակաւին Ռուսաստանը կաթուածահար վիճակի մէջ էր: Ուաշինկթընի համար բացուած էր պատմական բացառիկ հնարաւորութիւն մը: ԱՄՆ-ը քաղաքական ու տնտեսական ազդեցութեան բաց դաշտ կը ստանար այն տարածաշրջաններուն մէջ, ուր երբեք չէր եղած: Միեւնոյն ժամանակ, հակառակ Պաղ պատերազմի ոգիով պնդումներուն, ԱՄՆ-ը, մեղմ ըսած, ոգեւորուած չէր Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքներով եւ ծայր աստիճան անհանգստացած էր նախկին խորհրդային միջուկային սպառազինութեան վերահսկելիութեան խնդիրով:
Այս գիրքին մէջ կարելի է տեսնել, թէ քաղաքական ինչ գիծ կը տանէր Ուաշինկթընը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ եւ հասկնալ, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը ԱՄՆ-ի համար ինչու խիստ կարեւոր է նաեւ այսօր:
Գիրքին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ հայ եւ ամերիկացի բարձաստիճան պաշտօնեաներու զրոյցներն ու տեսակէտները, որոնք հրապարակային չէին: Գաղտնազերծուած փաստաթուղթերը մանրամասն ցոյց կու տան, թէ ո՛վ, ե՛րբ, ո՛ւր, ի՛նչ կը խօսէր Արցախի մասին եւ հակամարտութիւնը ինչպէ՛ս կը վերածուէր լայնածաւալ պատերազմի», այսպէս կ՚աւարտի գիրքին նախաբանը:
Որպէս հետաքրքրական աշխատութիւն եւ կարեւոր հարցեր քննարկող գիրք, անկէ հատուածներ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք.
7 յունուար 1992 թուականին՝ Հայաստանի անկախութեան ճանաչումէն երկու շաբաթ անց, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Ճէյմս Պէյքըրի հանդիպումը, որուն ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու նոթեր փոխանակուեցան: Հարաւային Կովկասի պետութիւններուն մէջ Հայաստանը առաջինն էր: Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները հաստատուած էին մարտի 24-ին, Ատրպէյճանի հետ՝ փետրուարի 19-ին: Անկախութեան ճանաչումէն շատ կարճ ժամանակ անց՝ փետրուարի 3-ին, ԱՄՆ Երեւանի մէջ բացաւ դեսպանութիւն ու Սթիւըն Ման նշանակուեցաւ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար: Ան պաշտօնավարեց մօտաւորապէս մէկ ամիս, զայն փոխարինեց Թոմաս Փրայսը:
Պետական քարտուղարութեան գաղտնազերծած արխիւային փաստաթուղթերէն պարզ կը դառնայ, որ Ամանորի արձակուրդին ԱՄՆ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռաֆֆի Յովհաննիսեան հանդիպում կը խնդրէ պետական քարտուղար Ճէյմս Պէյքըրէն: Ըստ զեկուցագրին, Յովհաննիսեան ուզած է դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման յաջորդ քայլը կատարել՝ պաշտօնական առումով փոխանակել դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ նոթեր եւ քննարկել երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններ: Յովհաննիսեան նաեւ ուզած էր, որ ԱՄՆ Հայաստանին տրամադրէ «Աւելի բարենպաստ պետութեան» (Most Favored Nation) կարգավիճակ, որ կը նշանակէ մէկ պետութենէն միւս պետութիւն առեւտրային աւելի շահեկան պայմաններու շնորհում: Հանդիպման համար Յովհաննիսեան խնդրած էր 20 վայրկեան:
Ամերիկեան կողմը կը համաձայնի:
Յունուարի 7-ին՝ ժամը 2-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները առաջին անգամ կը հանդիպին Պետական քարտուղարութեան մէջ: Հանդիպումը կը տեւէ 35 վայրկեան: Հայկական կողմէն հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ Գերագոյն խորհուրդի եւ Նախարարներու խորհուրդի համատեղ որոշմամբ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ նշանակուած Ալեքսանտր Արզումանեան եւ Վան Գրիգորեան, որ կը ներկայացնէր Ամերիկայի Հայկական համագումարը: Ճորճ Պուշի նամակին ի պատասխան՝ Յովհաննիսեան նախագահ Տէր-Պետրոսեանի նամակը կը փոխանցէ, որով Հայաստան կը համաձայնի դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել ԱՄՆ-ին հետ:
Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն զատ, հանդիպման ընթացքին ամերիկեան կողմը քանի մը հարց յառաջ կը քաշէ: Նախ, Ճէյմս Պէյքըր աջակցութիւն կը խնդրէ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւն բանալու համար: Այնուհետեւ, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ամերիկեան կողմը Հայաստանին կոչ կ՚ընէ ուղիղ բանակցութիւններու միջոցաւ լրացուցիչ ջանքեր գործադրել խաղաղութեան հաստատման համար: Պէյքըր նաեւ կը յայտնէ, որ քանի մը օրէն ամերիկեան «C-5 Քարկօ» օդանաւերով Հայաստանին պիտի ուղարկուի մարդասիրական օգնութիւն՝ պարէնի տեսքով: Միաժամանակ ամերիկեան կողմը կը խնդրէ, որ Հայաստանի մէջ ապաստանած Վրաստանի նախագահ Կամսախուրտիայի վերաբերեալ Հայաստանը իր յետագայ ընելիքներուն մասին տեղեկութիւններ տրամադրէ Ուաշինկթընին: Հանդիպման ժամանակ Ճէյմս Պէյքըր կ՚առաջարկէ կարգաւորել հայ-թրքական յարաբերութիւնները՝ տեղեկացնելով, որ Անգարայի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունենալը եւ սահմաններու ճանաչման վերաբերեալ համապատասխան յայտարարութիւն կատարելը լուրջ քայլ կ՚ըլլայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու տեսանկիւնէն: Ի դէպ, պետական քարտուղարը կը նշէ, որ եթէ հայկական կողմը բարձրացնէ Արցախի մէջ խաղաղապահներ տեղակայելու հարց, ապա ԱՄՆ այդ մէկը կը նկատէ ժամանակավրէպ եւ անարդիւնաւէտ:
Այսպէսով, հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման առաջին իսկ պաշտօնական հանդիպման ժամանակ ամերիկեան կողմը մէկ անգամէն յառաջ կը քաշէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը, որ առ այսօր կը շարունակէ մնալ բոլոր վարչակազմերու տարածաշրջանային քաղաքականութեան օրակարգին մէջ:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը նշանակէր սահմաններու բացում: Այս մէկը ենթադրաբար հնարաւորութիւն կու տար, որ Հայաստան աւելի քիչ կախուածութիւն ունենար Ռուսաստանէն եւ Իրանէն, կը դիւրացնէր Հայաստանի արտաքին հաղորդակցութիւնը, մասնաւորապէս եւրոպական երկիրներուն հետ, եւ անարգել ելք կ՚ապահովէր դէպի Սեւ ծով: Փաստացիօրէն ԱՄՆ կը համարէր, որ Ռուսաստան վաղ թէ ուշ պիտի վերադառնայ տարածաշրջանային գերտէրութեան կարգավիճակին: Այս մէկը, ի հարկէ, ժամանակի հարց էր եւ պէտք էր այդ ժամանակը արդիւնաւէտ օգտագործել:
Անկախութեան հռչակումէն ի վեր Հայաստանի իշխանութեան համար ալ սկզբունքային նշանակութիւն ունէր հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Այս առումով ԱՄՆ Հայաստանի դաշնակիցն էր: Արամ Թէրզեան կը նշէ, որ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը հակաթրքական տրամադրութիւնները կը դիտէր որպէս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մերձեցման սպառնալիք: Յարաբերութիւններուն կարգաւորումը պարտադիր գործօն կը դիտարկուէր երկրին զարգացման եւ տարածաշրջանային կայունութեան տեսանկիւնէն: Քաղաքական վերնախաւը ամէն ինչ կ՚ընէր՝ Թուրքիոյ հանդէպ հայ հասարակութեան խոր արմատներ ունեցող զայրոյթը յաղթահարելու համար: Թէրզեան կը մէջբերէ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետեւեալ միտքը.
«Մենք մշտապէս կը յիշենք պատմական բախումները, սակայն առաջնորդուելով մեր երկրի իրատեսական շահերով, պէտք է յաղթահարենք մեր ցաւը եւ հաստատենք բնականոն միջպետական յարաբերութիւններ: Հոգեբանական արգելքները, կարծես յաղթահարուած են, որ մեր շարժման ամենամեծ յաջողութիւններէն է»:
Յունուարի 9-ին ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութիւնը աւելի մանրամասն հաղորդագրութիւն մը կը ղրկէ Երեւան, Անգարայի եւ Մոսկուայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւններ՝ ներկայացնելով հանդիպման արդիւնքները: Գաղտնազերծուած փաստաթուղթէն պարզ կը դառնայ, որ պետական քարտուղարը ցանկութիւն կը յայտնէ, որ Հայաստան յստակացնէ իր դիրքորոշումը հայ-թրքական սահմանին վերաբերեալ: Յովհաննիսեան պետական քարտուղարին կը տեղեկացնէ, որ կը պատրաստուի այցելել Անգարա, ուր ալ կը յստակացնէ սահմանի վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումը: Ըստ փաստաթուղթին, Պէյքըր նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ աջակցիլ հայ-թրքական բանակցութիւններուն: Ի պատասխան, Յովհաննիսեան կ՚ըսէ, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը երբեք տարածքային պահանջք չէ ներկայացուցած Թուրքիոյ: Ռաֆֆի Յովհաննիսեան նաեւ կը տեղեկացնէ, որ եթէ Ատրպէյճան հրաժարի բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին շուրջ, ապա Հայաստան ԱՄՆ-էն կը խնդրէ օժանդակել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միջազգային խաղաղապահ զօրքեր տեղակայելու հարցին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան