ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ փութացած էր պաշտօնական այցելութեան։ Երկու ղեկավարները Քրեմլինի պալատէն ներս վարեցին բանակցութիւններ, որոնց աւարտին ստորագրեցին Մոսկուա-Պաքու դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր մը։
Հայաստանեան աղբիւրները եւս արձագանգ հանդիսացան երէկուան հանդիպման։ «ՌԻԱ Նովոստի»ի հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Փութին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ յայտնելով, որ թէեւ հարցը ամբողջապէս կարգաւորուած չէ, բայց կայ յառաջխաղացում։ Ըստ իրեն, պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման վերաբերեալ։ Իր խօսքով, կան նաեւ վէճեր, բայց Մոսկուա կ՚ընէ ամէն ինչ, որպէսզի կարգաւորման գործընթացը խաղաղ ճանապարհով ընթանայ։ Փութին խօսած է նաեւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման, փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերուն։ «Գիտեմ, դեռ կան վէճեր, աշխատելու բան կայ, բայց մենք մեր կողմէ ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի այդ գործընթացը ընթանայ խաղաղ միջոցներով, խաղաղ ճանապարհով եւ որպէսզի մենք հասնինք այդ գործընթացի ներգրաւուած բոլոր կողմերու բաւարարման», նշած է Փութին։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ալիեւը հիւրընկալելու ժամանակ Փութին յայտարարած է, որ Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ հարցերու լուծման կողմնակից են Ռուսաստանն ու անոնց բոլոր հարեւան երկիրները։ Ըստ նոյն աղբիւրին, ռուս ղեկավարը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ այսօրուան կացութիւնը գոհացուցիչ համարած է։
Իր կարգին, Ալիեւ յայտնած է, որ Ռուսաստան կարեւոր դեր խաղացած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմի աւարտին ուղղութեամբ։ Ռուսական կողմը այսօր ալ Հայաստան-Ատրպէյճան բնականոնացման համար հնարաւորութիւններու ստեղծման գործընթացէն ներս կարեւոր դեր ստանձնած է։ Արտայայտելով Պաքուի գնահատանքը՝ Ալիեւ յոյս յայտնեց, թէ Երեւանն ալ պիտի գործադրէ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի յայտարարութեան կէտերը։