ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ս. Վարդանանց տօնին եւ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ ձեռնարկ մը։ Տղաքը տօնի խորհուրդին մասնակից դառնալու առընթեր, հաճելի ժամանց ունեցան կազմակերպուած աւանդական խրախճանքով։ Թէ՛ աշակերտները եւ թէ ուսուցչական կազմի անդամները խրախճանքին բնորոշ տարազներով, ծպտեալ վիճակով դպրոց գացած էին։ Ընդհանուր պատկերը իսկապէս տպաւորիչ էր։ Յարակից Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ ալ բոլորը հետեւեցան թատերակներու։ Յայտագիրը այնպէս մը պատրաստուած էր, որ ոեւէ մէկը անմասն չմնաց ստեղծուած բարձր տրամադրութենէն։

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022