ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ

ԿԱՐԾԵՍ ՈՒՐԱԽԱՑԱՅ

Կարծես ուրախացայ, 
Վերադարձայ: 
Մէկէ աւելի անգամներ սեղմեցի 
Դրան զանգի կոճակը եւ սպասեցի...
Թերեւս ուշացած եմ: 
Ոչ ոք դուռը կը բանայ, 
Ոչ իսկ շշուկ մը միջանցքին մէջ:
Յիշեցի, որ տանս բանալիները հետս են, 
Ես ինձմէ ներողութիւն խնդրեցի. 
«Մոռցայ քեզ, մտի՛ր»:
Մտանք... 
Ես՝ տանս հիւրն ու հիւրընկալը:
Նայեցայ պարապութեան բոլոր բաղադրիչներուն 
Եւ ինձմէ հետք մ՚իսկ չտեսայ,
Թերեւս... թերեւս հոս չեմ:
Հայելիներուն մէջ նմանութիւն չգտայ, 
Մտածեցի. «Ո՞ւր եմ ես» եւ պոռացի, 
Որ զիս սթափեցնեմ զառանցանքէն, 
Չկրցայ...
Կոտրեցայ սալերուն վրայ գլորուող ձայնին պէս եւ ըսի. 
«Ուրեմն ինչո՞ւ վերադարձայ»:
Եւ ներողութիւն խնդրեցի ես ինձմէ. 
«Մոռցայ քեզ, ե՛լ»:
Չկրցայ:
Քալեցի դէպի ննջարան
Երազը մօտեցաւ, 
Գրկեց զիս հարցնելով. 
«Փոխուեցա՞ր»:
Ըսի՝ «Փոխուեցայ»: 

Տան մէջ մահանալը աւելի լաւ է՝
Ճամբուն վրայ, դէպի դատարկ դաշտ մը 
Քալող, ինքնաշարժի մը տակ ճզմուելէն:

 

ԿԵԱՆՔԷՆ ՄՆԱՑԱԾԸ

Եթէ ըսուէր ինծի. «Պիտի մեռնիս հոս այս գիշեր: 
Ի՞նչ պիտի ընես քեզի մնացած ժամանակը»:

-Ձեռքիս ժամացոյցին կը նայիմ,
Բաժակ մը հիւթ կը խմեմ,
Խնձոր մը կը կրծեմ,
Երկարօրէն կը խոկամ 
Օրուան ապրուստը գտնող մրջիւնի մը նայելով
Ապա կը նայիմ ձեռքի ժամացոյցին՝
Տակաւին քիչ մը ժամանակ կայ 
Մօրուքս սափրելու եւ ջուրին մէջ սուզուելու.
Կը հառաչեմ:

«Անհրաժեշտ է զարդարել գրութիւնը:
Թող հագուստը կապոյտ ըլլայ»:
Մինչեւ կէսօր կենդանութեամբ կը նստիմ գրասեղանիս ետին,
Գոյնին հետքը չեմ տեսներ բառերուն մէջ՝
Սպիտակութիւն, սպիտակութիւն, սպիտակութիւն...

Վերջին ճաշս կը պատրաստեմ
Երկու բաժակներու մէջ գինի կը լեցնեմ.
Ինծի եւ անոր որ պիտի գայ առանց ժամադրութեան
Ապա կը մրափեմ երկու երազներուն միջեւ,
Բայց խռկոցս պիտի արթնցնէ զիս...

Կը նայիմ ձեռքի ժամացոյցին.
«Տակաւին քիչ մը ժամանակ կայ կարդալու»:
Տանթէէն հատուած մը կը կարդամ, 
Կէս հատուած ալ նախաիսլամական ոտանաւորէ մը
Եւ կը տեսնեմ, թէ ինչպէ՞ս ինձմէ ուրիշներուն կ՚երթայ կեանքս:
Չեմ հարցներ՝ ո՞վ պակասը պիտի ամբողջացնէ՝
-Այսպէ՞ս:
-Այսպէս:
-Ապա ի՞նչ...

Մազս կը սանտրեմ
Եւ կը թափեմ ոտանաւորը...
Ա՛յս ոտանաւորը,
Աղբամանին մէջ:
Կը հագուիմ ամենէն նոր, իտալական շապիկը:
Ինքզինքս կը յուղարկաւորեմ 
Խումբ մը սպանական քամանչաներով
Ապա կը քալեմ դէպի գերեզմանատուն...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 25, 2022