ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՓՈՐՁԱՍՐԱՀ

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ վերջերս ամբողջութեամբ վերանորոգուած է Երեւանի Պարարուեստի պետական քոլէճի փորձասենեակը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարար Արա Խզմալեան վերջերս այցելեց այս քոլէճը՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար կատարուած աշխատանքներու արդիւնքին։

Քոլէճի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Յասմիկ Մարկոսեանն ալ հանդիպման ընթացքին համեմատութիւն մը ներկայացուց փորձասենեակի նախկին եւ նոր պայմաններուն շուրջ։  

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022