ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻ ՆԱԽԱԳԻԾ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Վարքագծի կանոնագիրքը բարեվարքութեան համակարգի կայացման ճանապարհին» խորագրեալ աշխատաժողով մը, որ կազմակերպուած էր Եւրոմիութեան եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի հովանաւորութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փտածութեան դէմ պայքարի շրջանակներուն մէջ նախատեսուած հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը։ Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովի նախագահ Հայկուհի Յարութիւնեան աշխատաժողովի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ան այս առթիւ դիտել տուաւ, որ փտածութեան դէմ ընդունուելիք կանոններուն հետեւելու պարագային հանրային պաշտօնեաներու աշխատանքը զերծ կ՚ըլլայ կաշառքէ։

Աշխատաժողովի տեւողութեան ներկայացուեցան վարքագծի կանոններու միասնական ընկալումը եւ այն դրութիւնները, որոնք կրնան նպաստել այդպիսի ընկալման մը հաստատման։ Բաց աստի, ներկայացուեցաւ հանրային պաշտօնեաներու վարքագծի կանոններու նախագիծը, որ քննարկման առարկայ դարձաւ շահագրգիռ կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022