ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՊԱՀԱՆՋՔ

Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն ցան­ցի մը վե­րա­ծուած են ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րոն­նե­րը, ո­րոնք ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու տա­րած­ման ի­մաս­տով էա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան։ Վեր­ջերս երկ­րի երկ­րորդ մեծ քա­ղա­քին՝ Կիւմ­րիի մէջ հաս­տա­տուած է ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րոն մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կիւմ­րիի ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րո­նի ղե­կա­վար Նա­րէ Ա­ւա­գեան յայտ­նեց, թէ ի­րենց մօտ ու­սա­նե­լու փա­փաք յայտ­նած ե­րա­խա­նե­րուն թի­ւը բա­ւա­կան մեծ է։

Այս կեդ­րո­նէն ներս, սկիզ­բին ե­րա­խա­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան ու­սում­նա­սի­րել զա­նա­զան ո­լորտ­ներ եւ ա­պա կը կողմ­նո­րո­շուին, թէ ո՛ր բնա­գա­ւա­ռը ա­ւե­լի ման­րա­մասն ու­սում­նա­սի­րել կը փա­փա­քին։ Թէեւ այն­տեղ կը գտնուին ե­րա­խա­ներ, ո­րոնք ար­դէն կողմ­նո­րո­շուած են։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015