ԱՊՐԻԼ ՊԱՀԸ

Որքան որ ալ «քլիշէ» թուի, երջանիկ ըլլալու միջոցներէն գլխաւորը՝ «պահը ապրիլն» է։ Չէ՞ք յոգնած տխուր լուրերու տարափէն։ Չէ՞ք յոգնած միշտ անհանգիստ ու «փուշի վրայ» ըլլալէն։ 

Տխուր ու դժգոհ ըլլալը, երբ որեւէ խնդիր չկայ, «պահէն դուրս» ապրիլն է։ Երբ կը գտնուինք «հիմա»էն դուրս որեւէ ժամանակահատուածէն ներս, կը մտնենք ափսոսանքի, կարօտի, սպասումներու, անհանգստութեան պարոյրի մէջ։ 

«Կ՚ուզէի»ներ, «եթէ»ներ, «կը յուսայի»ներ, «կը յուսամ»ներ, «երանի»ներ, «ափսոս»ներ… Միշտ յոգնութիւն, մտահոգութիւն, դժգոհութիւն… Ապրուած, պատահած կամ ապրուելիք, տեղի ունենալիքներու մասին մտահոգութեամբ լի կեանք մը…

Այն պահուն, երբ ամէն ինչ հնարաւոր է, այդ ժամանակ ազատ ես։ Չկայ երջանկութիւն, չկայ տրտմութիւն, չկայ վէճ, չկայ հակասութիւն, «դուն» չկաս։ 

Դուն կ՚ըսես, թէ «ես շատ նախանձոտ եմ»։ Սա պահուն ոեւէ մէկը նախանձեցա՞ր։ Եթէ պատասխանդ «ոչ» է, ապա հիմա նախանձոտ չես։ 

«Ես շատ դրական մարդ եմ»։ Եթէ հայհոյեցիր եւ զայրացար երթեւեկի մէջ, ապա սա կը նշանակէ, որ դուն հիմա այդքան ալ դրական տրամադրուած չես ու քիչ մըն ալ հայհոհիչ ես։ 

Կախուածութեան բուժման մէջ կայ սահմանում մը՝ «օր մը»։ Այս օրը կը յաղթահարենք եւ նոր ճանապարհորդութեան մը կը սկսինք։ Այսինքն «պահ մը», ապրինք այս պահը։ «Յաջորդ պահը» արդէն կ՚ապրինք երբ գայ անոր ժամանակը։ 

Դժգոհ չէք, դուք գոհ չէք։ Երջանկութիւնը կացութեան վիճակ է եւ երկու անձ, որ կ՚ապրի նոյն իրադարձութիւնները, կրնան տարբեր ձեւերով ընկալել զանոնք։ Օրինակ․ երկուքին ալ ամուսինը մահացած է. մէկը երջանիկ է, ազատած է բռնութենէն, տանջանքէն, իսկ միւնը ընկճուած՝ կորսնցուցած ըլլալով իր կեանքի սէրը։ 

Ճնշուած մարդու մը բժիշկ մը, հոգեբաններ, հոգեւորականներ կրնան օգնութեան ձեռք երկարել, բայց ի վերջոյ ոչ մէկուն ջանքերը կ՚արդիւնաւորուի, քանի դեռ չէ որոշած փոխուիլ։ Պէտք է փոխել ներաշխարհը, մտածելակերպը… Թէեւ գիտէ, սակայն կիրառելը դժուար է։

Երբ լուրերուն հետեւելով կը տանջուիք, թէ տնտեսութիւնը վատ է, քաղաքականութիւնը այսինչ է եւ այլն, աւելի լա՞ւ կը զգաք։ Շատ պարզ հարցում մըն է սա, բայց եթէ նոյնիսկ ձեզմէ շատերուն պատասխանը ըլլայ բացասական, դուք հաւանաբար չէք կրնար պատկերացնել ձեր տունը առանց հեռատեսիլի։ 

Տարիներ առաջ մէկ ընկերուհիս ախտորոշուեցաւ ծանր հիւանդութեամբ մը։ Ականատես եղած եմ, որ այս ախտորոշման տեղեակ դառնալէն յետոյ ամբողջովին փոխուած է իր կեանքի ընկալումն ու ապրելակերպը։ Տեսայ, որ մահացու հիւանդութեան հետ առերեսուիլը իր հետ բերաւ այն մտածումը, թէ իրականութեան մէջ ինչպիսի՛ հրաշք է կեանքը։ Շատ մը բաներ աւելի իմաստալից էին, քան երբեք։ Աւելի լաւ գիտէր, որ որքա՛ն հաճելի է բաժակ մը նարինջի հիւթ կամ սուրճ խմելը, ծովափին քայլած ժամանակ քամին մաշկին վրայ զգալը… Ինչո՞ւ բարկացած էր, որ եղբայրը իր մատիտը գործածած էր։ Ի՞նչ նշանակութիւն ունէր սա։ Միշտ կ՚ըսէր, թէ երբ ան դարմանուի, որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլար, թէ իր բոլոր ընտանիքի անդամները, բոլոր սիրելիները հաւաքուէին ընթրիքի սեղանի մը շուրջ։ 

Երանի՜ թէ, «պահու» արժէքին անդրադառնալը մահացու փորձութիւններով չըլլար։ Անշուշտ մահը կեանքի իրողութիւն է, աշխարհի անյեղլի օրէնք է. մենք անպայման օր մը կ՚առերեսուինք անոր հետ ու կը հասկնանք,  թէ որքա՜ն ցաւալի է հարազատի կորուստը,  որքա՜ն թանկագին է կեանքը։ 

Ամէն պահ իւրայատուկ է, անվերադառնալի։ Կեանքն ու մահը փոխկապակցուած են, մահուան գաղափարին հետ հաշտուիլը վատ բան չէ, թէեւ շատ մեծ ցաւ կը պատճառէ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022