ԱՅՍ ԻՆՉԻՆ ՀԵՏ ԷԻ ԱՅՍՕՐ…

Մարդ արարածը իր մտածողական աշխարհով տարօրինակութիւններու տիեզերք մըն է, ուր կարելի է ամէն տեսակի զանազանութիւն, այլանդակ դրսեւորումներ եւ անտրամաբանական երեւոյթներ գտնել:

Այսպէս, մէկուն համար սպիտակ գոյն ունեցող իրը, ուրիշի մը համար կրնայ սեւ ըլլալ. մէկու մը համար բարձր թուացողը, ուրիշի մը համար կարճ կը թուի. մէկու մը համար գեղեցիկը՝ տգեղ, եւ հակառակը, ու այսպէս կարելի է շարքը երկարել:

Այս բոլորի կողքին մարդը, սակայն, ունի մէկ այլ իւրայատուկ տխմարութիւն, որ տխմարութիւն ըլլալէ աւելի հիւանդութիւն մըն է, եւ մարդս կը դատարկէ իր լեցունութենէն: Այդ հիւանդութիւնը՝ նշանաւոր մարդոց հետ «ըլլալու» կամ անոնց հետ նկարուելու ախտամոլութիւնն է: Մարդիկ, երբեմն ամբողջ կեանք մը կը վատնեն այս ինչին կամ այն ինչին հետ յաջողիլ նկարուելու, կամ գոնէ մի քանի երկվայրկեան անոր ներկայութեան գտնուելու: Տակաւին, կան ցաւագարներ, որոնք հսկայ գումարներ կը ծախսեն, հասնելու համար իրենց «սրբազան նպատակին»… Այս երեւոյթը ուրիշ բացատրութիւն կամ անուանում չի՛ կրնար ունենալ սակայն, բացի ՅԻՄԱՐՈՒԹԵՆԷՆ:

Նշանաւոր մարդոց հետ ըլլալ կամ անոնց հետ նկարուիլ…

Այստեղ հարցումը հետեւեալն է. ի՞նչ կու տայ այդ մէկը տուեալ անձին: Ի՞նչ կայ այդ մօտեցումին կամ երեւոյթին ետին: Ի՞նչ է գաղտնիքը, որ մարդ նման քայլի մը կը դիմէ: Կրնանք բազմաթիւ պատասխաններ տալ այս հարցադրումներուն, սակայն գլխաւոր պատասխանը կը կարծեմ, որ մէկն է. մարդուն դատարկութիւնը մարդկային արժէքներէ, հոգեւոր եւ բարոյական ընկալումներէ ու նկարագրային իւրայատկութենէ:

Շարլ Ազնաւուր իր «Մեղմ շշուկով» գիրքին մէջ (ֆրանսերէնէ արեւելահայերէն թարգմանութիւնը՝ Սամուէլ Գասպարեան), նշանաւոր մարդոց հետ հանդիպելու կամ անոնց վարկը իրենց շահերուն ծառայեցնողներուն մասին այսպէս կը գրէ (հատուածը արեւմտահայերէնի վերածած կը ներկայացնենք ընթերցողներուն).

«Թագաւորի ձին ինծի նայեցաւ. այս նախադասութեան հաճոյքով կ՚աւելցնէի նաեւ “բայց ինչո՞ւ ձին էշին պէտք է նայի”, որովհետեւ այդ մէկը ինծի աւելի արդիական կը թուի: Կարծիքովս, նշանաւոր մարդու մը հետ յաճախակի հանդիպելու անհրաժեշտութիւնը այս դարի հիւանդութիւնն է: Խօսքը արուեստագէտներու, քաղաքական գործիչներու, մարզիկներու եւ բոլոր յայտնի մարդոց մասին է: Ընթացիկ իրադարձութիւններու ուշադրութեան մէջ գտնուիլը գայթակղեցուցիչ է, սակայն, աւելի կարեւորը խօսակցութիւններու առիթ կու տայ անձիդ մասին: Մենք բոլորս՝ կին թէ տղամարդ, աւելի եւ աւելի պարզամիտ (միտինեդուհի-midinette) կը դառնանք, այդ պատճառով ալ կ՚առաջարկեմ, որ ֆրանսերէնին մէջ այդ բառին արական ձեւը հնարել: Այսօր ամէն տեղ՝ մսավաճառի, երշիկագործի թէ հացավաճառի խանութներուն մէջ, մենք շատ կը ցանկանք մեր անձը ճանաչելի դարձնել: Զրոյցներու ընթացքին յաճախ կը գործածենք “իմ ընկեր Ճոնին”1, կամ “Պեռնատէթը ըսաւ ինծի”2 բառերը: Վերջին ժամանակներս արդէն կարելի է լսել “Քարլան շատ խնդրեց, որ լսեմ իրեն”3 կամ նոյնիսկ “ես Զիզուին խորհուրդ տուի”4…: Վերջ տուէք, ամօթ է: Լաւ կ՚ըլլա՞յ, որ օր մըն ալ ըսենք “ես խորհուրդ տուած եմ Շիրաքին”: Անգամ մը ականջովս լսեցի, թէ ինչպէս մէկը միւսին կ՚ըսէր. “Երէկ Պելմոնտոյի հետ կը ճաշէի”: Երբ հետաքրքրուեցայ, պարզուեցաւ որ անոնք նախաճաշած են ճաշարանի մը մէջ, ուր կողքի սեղանին նստած է եղած Պելմոնտոն. ինչպիսի՜ յաջողութիւն: Կը պարզուի, որ եթէ մէկու մը հարեւանութեամբ կը գտնուիս, հետեւաբար որոշակի կապեր ունիս անոր հետ…

Այս հիւանդութիւնը յատուկ է մեր ժամանակներուն, երբ ամէն տեղ գովազդը կ՚իշխէ: Անոնք որոնք այնտեղ մուտք չունին, իրենք զիրենք կը գովազդեն: Այս ընթացքով ո՞ւր կը հասնինք: Եթէ այսպէս շարունակուի, շատ շուտով մեր քաղաքները եւ գիւղերը շատ կարեւոր մարդոցմով կը բնակուին, եւ այդ ժամանակ աչքի իյնալու համար մենք մեզ պարտադրուած կը զգանք ըսել. “Ես շատ լաւ կը ճանչնամ պարոն այսինչը, որուն հետ հրաշալի կիրակիներ անցուցած եմ յետմիջօրէներուն”: Անոր համեստ պահուածքին, բարեհամբոյր բնաւորութեան եւ բացառիկ խելքի մասին բոլորը կը խօսին, եւ այն՝ այդ պարոն այսինչը, արժանի է, որ իրեն համար առանձնայատուկ շքանշան մը ստեղծեն՝ անոր շնորհելով Անյայտ Կնոջ եւ Փողոցի Տղամարդու կոչում: Տէ լաւ, այս թեման փակենք» (Շայլ Ազնաւուր, «Մեղմ շշուկով», Երեւան, 2019, էջ 65-66):

Մարդ երբ ինքզինք դատարկէ, ապա ամէն ինչի ընդունակ կը դառնայ: Մարդ երբ ինքն իր կոչումին դաւաճանէ, ապա կը վերածուի դատարկ կաթսայի մը, ուրկէ ինչ տեսակի ձայն ըսես կարելի է լսել: Մարդ երբ կորսնցնէ իր նկարագիրը, ապա ոչինչով տարբերութիւն կ՚ունենայ մեզի հետ՝ նոյն տիեզերքին մէջ ապրող բանականութենէ զուրկ երկոտանի եւ չորքոտանի արարածներէն:

Դատարկութիւնը, այն ալ մարդկային հոգիի դատարկութիւնը ամէն տեսակի տարօրինակութիւններու եւ այլանդակութիւններու ծնունդ կրնայ տալ: Պահ մը սերտենք ամէն օր մեր ընկերութեան մէջ կատարուած որճրագործութիւնները, վէճերը, անձնասպանութիւնները, բռնութիւնները, գողութիւնները, եւ այլն, եւ այլն, ի՞նչ բանի արդիւնք են եթէ ոչ մարդկային հոգիի դատարկութեան: Արդարեւ, դատարկ հոգին նման է անապատին, ուր երբ քամիները սկսին գլուխ բարձրացնել՝ ամէն ինչ իրար կ՚անցնի եւ ահաւոր լաբիւրինթոս մը կը յառաջանայ: Եւ եթէ այդ պահին մարդ անապատի մէջ ըլլայ, չի՛ կրնար կողմնորոշուիլ եւ շատ յաճախ այդ վիճակէն դուրս գալու ելքը ահաւոր կ՚ըլլայ, չըսելու համար ողբերգական:

Մարդ որպէսզի դուրս գայ իր հոգիի դատարկութեան այդ վիճակէն, ապա պէտք է կեանքը ճիշդ կերպով հասկնայ, ըմբռնէ ու ամենէն կարեւորը գիտակցութիւն ձեռք ձգէ իր մարդկային կոչումին, առանց որու մարդուն անապատային վիճակը կը շարունակուի, եւ երբեմն-երբեմն յայտնուած ովասիսները նոյնիսկ ոչինչով կրնան օգտակարութիւն տալ անոր:

Նշանաւոր մարդոց հետ նկարուիլը, հանդիպիլը կամ անոնց հետ երկվայրկեան մը անցընելը ո՛չ մէկ բան կրնայ աւելցնել կեանքիդ մէջ, բացի այդ պահի ունայնութեամբ լեցուն զգացումէն: Վերջ ի վերջոյ չէ՞ որ բոլորս ալ նոյն գերեզմանափոսին մէջ պիտի թաղուինք, չէ՞ որ մեր բոլորին աւարտը այդ սառն եւ խոնաւ փոսը պիտի դառնայ: Դարձեալ կարդանք Ազնաւուրը.

«Նոյնիսկ նշանաւոր մարդը օր մը հրաժեշտ պիտի տայ այս աշխարհին: Ատիկա բոլոր մահկանացուներուս ճակատագիրն է՝ նշանաւոր թէ անյայտ, եւ այս գետնի վրայ ո՛չ մէկ հովանաւորչութիւն չի կրնար ըլլալ: Բոլորը գերեզմանափոսին առջեւ հաւասար են, որ գրկաբաց կը սպասէ մեզի» (նոյն, անդ, էջ 66):

Մարդ, հետեւաբար, իր կեանքի ընթացքին պէտք է սորվի ինքզինք ըլլալ եւ ինքն իրմով ապրիլ: Մարդոց հետ շփումները բնականաբար օգտակար են եւ շատ յաճախ ցանկալի, մանաւանդ երբ այդ շփումներն ու յարաբերութիւնները կ՚օգնեն մեզի ա՛լ աւելի ազնուանալու մեր մարդկային կոչումին ու նկարագրին մէջ: Մարդկային յարաբերութիւններն ու շփումները պէտք է ծառայեն ազնիւ նպատակներու եւ մարդաշինութեան համար, եւ ո՛չ թէ հակառակը:

Հաւատարիմ մնանք մեր մարդկային կոչումին եւ այդ կոչումը չաղարտենք այսինչներու եւ այնինչներու միջոցով «աստղ»անալու եւ «արժէք» տալու մեր անձին, մեր գոյութեան…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

8 փետրուար 2022, Վաղարշապատ        


1 Johnny Holiday, Ճոնի Հոլիտէյ (1943-2017) - ֆրանսացի աշխարհահռչակ ռոք երգիչ, խմբավար եւ թատերական դերասան: «Քեզ համար, Հայաստան» երգի 90 կատարողներէն մէկը:

2 Նկատի ունի ֆրանսացի դերասանուհի՝ Պեռնատէթ Լաֆոնին (1938-2013):

3 Carla Bruni, Քարլա Պրունի (ծ. 1967) - իտալացի բնորդուհի, երգահան, բանաստեղծուհի եւ երգչուհի, Ֆրանսայի 23-րդ նախագահ՝ Նիքոլայ Սարքուզիի կինը:

4 Զիզու - ֆրանսացի նշանաւոր ֆութպոլիստ եւ մարզիչ՝ Զինետին Զիտանի մականունը:

Ծանօթագրութիւնները Սամուէլ Գասպարեանինն են:

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2022