ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԴՐԱԿԱՆ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Երկրի խորհրդարանէն ներս երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ նախարար Միրզոյեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի միջեւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը կը գնահատէ դրական։ «Ըստ էութեան, կրնաք ամէն ինչ կարդալ նաեւ ներկայացուցիչներու կողմէ հանդիպումէն յետոյ կատարուած յայտարարութեան մէջ։ Կողմերը վերահաստատած են, որ գործընթացը տեղի կ՚ունենայ առանց նախապայմաններու եւ գործընթացի վերջնական արդիւնքը յարաբերութիւններու կարգաւորումն է եւ, ի հարկէ, մեր համար՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը։ Կը կրկնեմ, հանդիպումը կը գնահատեմ դրական։ Քննարկումը շատ աւելի յստակ եղած է՝ քան ենթադրաբար եւ արդարօրէն կրնար ըլլալ առաջին հանդիպումը։ Միեւնոյն ժամանակ, կը կարծեմ, բոլորս կը հասկնանք, որ շատ շօշափելի արդիւնքներ նոյնիսկ երկրորդ հանդիպման համար դժուար է ակնկալել։ Գործընթացի մը երկրորդ հանդիպումը, որ լուծումներ պէտք է տայ հարիւրամեակներու, գուցէ տասնամեակներու խնդիրներու», նշեց Արարատ Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ առայժմ որեւէ որոշում չէ առնուած յատուկ ներկայացուցիչներու երրորդ հանդիպման վայրի եւ ժամկէտի մասին։

Նախարարը խորհրդարանի ամպիոնէն տեղեկացուց նաեւ, որ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու շուրջ հայկական կողմը տակաւին վերջնական որոշում չէ առած։ «Յուսամ, կը համաձայնիք, թէ աշխարհի վրայ իրադարձութիւնները, թոյլ տուէք ըսել, սրընթաց կերպով կը զարգանան ու կը փոխուին՝ ամէն օր եւ ամէն վայրկեան։ Եւ, ըստ էութեան, նոյնիսկ նախապէս կարճ թուացող ժամկէտները եւ իրադարձութիւնները այժմ բաւական երկար են։ Երբ ժամկէտները մօտենան, որոշում կ՚առնենք», նշեց Արարատ Միրզոյեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022