ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Մեր անցեալ կիրակին սկսաւ սովորականին նման. օրուայ սկիզբին ոչ մէկ փոփոխութիւն: Ինչպէս միշտ, առաջինը արթնցայ ես: Պատրաստուեցայ: Իմ նորածին մանուկի տակը փոխեցի, լուացի, փորիկը կշտացուցի եւ անցայ իմ միւս պարտականութիւններուն:

Դժուարագոյնը՝ գերծանրաբեռնուած աշխատանքային շաբաթուայ աւարտին, խորը քունի մէջ մրափած, վայրկեան մը աւելի քնանալը մեծ ձեռքբերում համարող Արին արթնցնելն է: Ես պէտք է բաւական ջանք ու ճիգ թափեմ՝ վերջինս անկողինէն հանելու համար: Մեղք է, բոլոր շաբաթ գերծանրաբեռնուած կ՚աշխատի: Առտուն ժամը եօթնուկէսին կ՚երթայ գործի, իսկ երեկոյեան ժամը տասնմէկը անց հազիւ կը վերադառնայ տուն: Ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը մեր տունի մէջ տօն է: Ընտանիքի պարագլուխը, մեր ընտանիքի հայրը կանուխ կը վերադառնայ՝ երեկոյեան ութուկէսին: Այդ օրերուն ես կը պատրաստեմ Արիի ամենասիրելի կերակուրները, ուտելիքները: Ինչպէս նաեւ անպայման անակնկալ մը կ՚ընեմ: Եւ այս բոլորի նպատակը՝ մէկ շաբթուան յոգնութենէն կքած անոր դէմքին ժպիտ մը պատկերելն է՝ ամբողջ շաբթուան ծանրութիւնը թօթափելու նպատակաւ: Արին ունի կիրակի մը հանգչելու՝ քնանալու համար: Սակայն այդ կիրակին ալ իրեն չի պատկանիր. շաբաթը ունի 168 ժամ: 166 ժամը քեզի, երկու ժամն ալ Աստուծոյ: Այդ իսկ պատճառաւ մենք պարտաւոր ենք կատարելու մեր այդ քաղցր պարտականութիւնը՝ շտապել եկեղեցի պատարագի: Պատարագի մասնակցիլը մեր ընտանիքի համար գերագոյն հաճոյք է: Սիրով կ՚երթանք Տիրոջ տուն: Դժուարը Արին անկողինէն վերցնելն է:

Կիրակնօրեայ նախաճաշ: Զայն վերանուանած եմ՝ արքայական նախաճաշ: Այդ օր մեր ընտանիքը ամբողջական է եւ այդ նոյն կազմով կը նստի սեղանի շուրջ: Նախաճաշին կը յաջորդէ գաւաթ մը դառը սուրճը: Ժամ մը հանգչելէ վերջ Արին մինակը կամ Զաւէնիկի հետ դուրս կ՚ելլէ՝ կատարելու իր աշխատավայրի համար անհրաժեշտ առեւտուրը: Ահաւասիկ մեր կիրակիներու պատկերը:

Անցեալ կիրակին տարբեր էր: Բարեկենդան էր՝ բարի կեանք: Մեր սրտի մեծագոյն բաղձանքը, մեր մաղթանքներու մեծամասնութիւնը երջանկութեան մասին է: Մեծ պահքի առաջին կիրակին եկեղեցին տրամադրած է երջանկութեան, կոչելով զայն՝ բարի կեանք՝ Բարեկենդան:

Առաջին անգամ մեր ընտանիքը ապրեցաւ լիաթոք բարի կեանք: Բարի կեանքը շատ կարեւոր է, որովհետեւ կը բերէ երջանկութիւն մեր սրտերուն: Իսկ այդ թանկագին ու դժուարամատչելի զգացումները ընտանիքիս պարգեւեց Յարութիւն Աբղ. Տամատեանը:

Բարեկենդանի նախօրէին հեռաձայնս հնչեց.

-Է՜, ի՞նչ կ՚ընէք Բարեկենդանին: Վաղը ինծի յարմար է կրնամ ձեզի հանդիպիլ: Երեկոյեան ժամերուն Երեւանի մէջ պիտի աւարտեմ իմ գործերը: Արին տունը պիտի ըլլա՞յ:

Խօսափողէն այն կողմ հայր սուրբն էր՝ ինչպէս միշտ իր ուրախ ու զուարթ ձայնով:

-Աստուած օգնական հայր սուրբ: Ի հարկէ, պիտի տօնենք Բարեկենդանը եւ սիրով ձեզի պիտի սպասենք: Հրամեցէք,- պատասխանեցի ես:

Քիչ մը խուճապի մատնուեցայ. Հայր սուրբը պիտի գայ, պէտք է արժանւոյնս հիւընկալել: Արիին հեռաձայնեցի, տեղւոյն մեր ընելիքները յստակեցուցինք:

Ահաւասիկ եկաւ բաղձալի ժամը: Իմ սեղանը յարդարուած էր եւ կը սպասէր իր հիւրերուն: Զաւէնիկը նոյնպէս անհամբեր էր: Հեքիաթային հերոսի մը տարազ հագաւ՝ օրուան խորհուրդին համահունչ եւ կը սպասէր հայր սուրբին: Նախապէս ամչցաւ մօտենալու, այնուհետեւ ընկերացան: Խինդ ու ծիծաղ կը տիրէր մեր կտուրէն ներս: Ամէն մարդ շատ ուրախ էր: Կ՚ապրէր լիաթոք հոգեկան հրճուանք եւ ուրախութիւն: Զաւէնիկի ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ մեր երկրորդ հիւրի գալուստով: Պրն. Յակոբի հետ այնքան շատ խաղաց, զուարճացաւ, որ  դժուարութեամբ բաժնուեցաւ մեր պատուարժան հիւրերէն:

Հոգեկան բերկրանք ապրեցանք: Երեկոյեան ժամը տասնէն վերջ մեր հիւրերը կարծես պահ մը երթալ ուզեցին: Սակայն թէյի սեղանի շուրջ բռնկուած հաճելի ու օգտակար հոգեւոր նիւթերով խօսակցութիւններու պատճառաւ՝ կորսնցուցինք ժամանակի զգացումը: Ոչ մէկը կը հետեւէր ժամուն: Պահ մը նայեցանք՝ կէսգիշերը անց է՝ մէկուկէս: Վստահաբար եթէ յաջորդ օրը աշխատանքային շաբաթուայ սկիզբ չըլլար, մինչեւ լուսաբաց պիտի նստէինք՝ դատարկելով երրորդ-չորրորդ թէյի գաւաթները:

Հայր սուրբը իւր օրհնեալ ներկայութեամբ լոյս սփռեց մեր տունի եւ մեր բոլորի հոգիներու մէջ.

-Քննութիւնս կրցա՞յ յանձնել,- ուրախութեամբ հարցուց հայր սուրբը վերջաւորութեան:

Յաջորդ օրուընէ սկսեալ մեր ընտանիքը մտաւ պահեցողութեան շրջան: Արին պահք կը բռնէ, իսկ ես սահմանափած եմ իմ ուտելիքի չափաբաժինը: Մինչ այժմ ալ իմ հոգին կ՚ապրի հոգեւոր ցնծութիւն մը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2022