ՎՐԱՍՏԱՆԷՆ ՀՐԱՏԱՊ ԴԻՄՈՒՄ

Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմական գործողութիւններու իրավիճակին մէջ Վրաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, երկրէ ներս իշխանութեան գլուխ գտնուող «Վրացական երազանք-ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութեան ու կառավարութեան միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ որոշուեցաւ, որպէսզի Թիֆլիզ դիմում ներկայացնէ Եւրոմիութեան անդամակցելու համար։ Երէկ, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի մասնաւոր ելոյթով մը դիմեց երկրի քաղաքացիներուն՝ տեղեկացնելով, որ ստորագրած է երկրի Եւրոմիութեան անդամակցութեան դիմումը։ Թէեւ վրացական կողմը կը նախատեսէր այս դիմումը 2024 թուականին ներկայացնել, սակայն, Ուքրայնայի կացութեան հետեւանքով որոշուած է արագացնել եւրոհամարկման գործընթացը։

Յիշեալ կուսակցութեան ղեկավարը՝ Իրակլի Քոպախիծէ այս առթիւ կոչ ուղղեց, որպէսզի Եւրոմիութիւնը արտահերթ ձեւով քննարկէ դիմումը եւ Վրաստանի համար սահմանէ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածու երկրի կարգավիճակ։ Կուսակցապետը օր մը առաջ ալ յայտնած էր, որ Վրաստան զօրակցութեան մէջ է Ուքրայնայի հետ։

Պատերազմական գործողութիւններով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ Ուքրայնան ալ 28 փետրուարին պաշտօնական դիմում ներկայացուցած էր Եւրոմիութեան անդամակցելու համար։

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022