ՆՈՐ ԱՌԱՋԻՆ ԴԷՄՔ

Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ Հանրապետութեան նախագահ ընտրեց Վահագն Խաչատուրեանը, որ այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ հրաժարեալ Արմէն Սարգսեանին։ Քուէարկութեան առաջին փուլին՝ իշխանութիւններուն կողմէ առաջադրուած այս թեկնածուի ընտրութեան համար խորհրդարանէն ներս անհրաժեշտ ձայները ապահովել կարելի չէր եղած, սակայն, երկրորդ փուլին արդէն Վահագն Խաչատուրեան ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ։ Հարկ է նշել, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պոյքոթի ենթարկեց ընտրութիւնը եւ քուէարկութեան չմասնակցեցաւ։ Այսպէսով Հայաստանէ ներս եզրափակուեցաւ արտահերթ նախագահական ընտրութեան գործընթացը, որ մօտաւոր անցեալին սկիզբ առած էր՝ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականով։

Այժմ կը նախատեսուի, որ Վահագն Խաչատուրեան երդ-ւելով ստանձնէ իր պաշտօնը։ Հայաստանի մէջ Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ձեւաչափով կը կազմակերպուի հանրապետութեան նախագահի երդման արարողութիւնը։ Նախագահական արտահերթ ընտրութեան պարագային, ըստ սահմանադրութեան, տասնօրեայ ժամկէտի մը մէջ պէտք է իրականացուի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնամուտը։

Խորհրդարանի քուէարկութենէն առաջ Վահագն Խաչատուրեան նախընթաց օր պատասխանած էր երեսփոխաններու հարցումներուն։ Այդ փուլին ան յայտնած էր, որ համամիտ է՝ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու ուղղեալ կառավարութեան ձգտումին։

Վահագն Խաչատուրեան Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելէ վերջ երէկ շնորհաւորական մը ստացաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանէն։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ շնորհաւորեց զինքը։ Արտաքին աշխարհին հիմնական արձագանգը եղաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի շնորհաւորականը։

Վահագն Խաչատուրեան վերջին շրջանին կը զբաղեցնէր նախարարի պաշտօն։

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022