ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ՈՒ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Մտանք Ուքրայնայի պատերազմի 9-րդ օրը։ Ռուսաստանի կողմէ շղթայազերծուած այս պատերազմը տարբեր առումներով իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ո՛չ միայն Ռուսաստանի «արբանեակ»ին կամ ցամաքին վրայ, այլեւ պիտի տարածուի ամբողջ աշխարհով մէկ։

Արեւմուտքը (շատեր թէեւ կրնան չընդունիլ, սակայն, հիմնաւորեալ տեսակէտ է), որ հիմնական պատճառը եղաւ այս պատերազմին, կը շարունակէ ամենածանր պատիժները կիրառել Մոսկուայի դէմ՝ մոռնալով նաեւ, որ տնտեսական բնոյթով պատժամիջոցները աւելիով կը խորացնեն առկայ վիհը ու նոյնքան վնաս պիտի հասցնեն Եւրոպային, որ ամենածեր ցամաքամասը կը համարուի։

Կայ նաեւ կարծիք, ըստ որու Ռուսաստանի նախագահ Փութին ակամայ գնաց այս պատերազմին ու տեղ մըն ալ «ինկաւ» իր դէմ լարուած ծուղակին մէջ։ Ընտրանքներուն երրորդը չկայ, անշուշտ, ու փաստ է արդէն, որ այս պատերազմէն ետք կա՛մ պիտի տեսնենք աւելի հզօր Փութին մը (որ կրնայ առաջնորդել վիրաւոր եւ պատիժներէն գերյոգնած Ռուսաստան մը) կամ ալ պիտի տեսնենք թուլացած եւ իշխանութենէն հեռանալու պատրաստուող «պարտուած» առաջնորդ Փութինը, որ ամէն բան ի գործ դրաւ, որպէսզի կարողանայ վերականգնել հզօր եւ տիրական Ռուսաստան մը՝ նման Ցարական Ռուսաստանին։

Ամէն պարագայի տակ, աշխարհ ակնդէտ կը սպասէ, որ պատերազմը պահով մը «շունչ» քաշէ, կանգնի տեղ մը, գիծի մը կամ կէտի մը վրայ ու առիթ տրուի անկեղծ հիմքով բանակցութիւններու։ Երէկ երեկոյեան կարեւոր տեղեկութիւններ սկսան «սպրդիլ»՝ կապուած Սպիտակ Ռուսիոյ եւ Լեհաստանի սահմանին կազմակերպուած բանակցութիւններուն հետ։ Եւ այսպէս հաղորդուեցաւ, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին եւ շուտով նոր թուական մը պիտի ճշդուի։ Միջազգային աղբիւրները նաեւ նշեցին, որ յաջորդ բանակցութիւններուն պիտի վճռուի հրադադար հաստատելու կարեւորագոյն խնդիրը. բան մը, որ կը բխի զուտ մարդասիրական հիմքերէ։

Ինչ կը վերաբերի քաղաքական ընդհանուր պատկերին, ապա երէկ այս ահռելի խաղին երկու հիմնական դէմքերը շարունակեցին յայտարարութիւններով հանդէս գալ։ Մինչ Զելենսքի վերահաստատեց, որ Ուքրայնայի բանակը պիտի շարունակէ պայքարիլ Ռուսաստանի ներխուժումներուն դէմ։ Անդին, իրեն բնորոշ սառնասրտութեամբ, Փութին յայտնեց, որ Ուքրայնայի դէմ ընթացք առած «յատուկ գործողութիւն»ը կը շարունակուի, ռուսական բանակը կը յարգէ բոլոր ժամկէտները ու կը կատարէ բոլոր առաջադրանքները։

Յստակ է, անշուշտ, որ ինչպէս բոլոր պատերազմներու պարագային, երկու կողմերն ալ հրապարակաւ հանդէս կու գան, բնականաբար, բաւականին խիստ դիրքերով։ Սակայն, հարցը այս պարագային բոլորովին այլ հարթութեան մը վրայ է՝ այն իմաստով, որ որեւէ պարագայի տակ, եթէ Ռուսաստան առանց Քիեւը ձեռք անցընելու ընդունի հրադադարի երթալ, ապա սա պիտի նշանակէ, որ Ռուսաստանի անպարտելիութեան վարկածը բաւական խոցուած պիտի համարուի։ Սա նաեւ պատճառ պիտի դառնայ, որ Փութին յայտնուի բաւական դժուար վիճակներու մէջ։

Ամէն պարագայի, մինչեւ այս պահը տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ցաւօք սրտի, ցոյց կու տան, որ այս պատերազմը երկարատեւ ըլլալու բոլոր հիմքերը ունի։ ՆԱԹՕ-ի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ «սպասելի» համարուած ուղղակի բախման մտահոգութիւնները կարծես թէ վերացած են։ Մտահոգիչը այն է, որ միջազգային հանրութիւն կոչուածը որեւէ աչալուրջ ճիգ չի կատարեր դադրեցնելու համար՝ բոլոր կողմերուն տեսակէտէ կործանանար հետեւանքներու յղի այս սարսափելի արհաւիրքը։

Եթէ շատ արագ հայեացք մը նետենք դաշտի վրայ ռազմական առկայ թէժ գործողութիւններուն, ապա արագօրէն կրնանք նկատել, որ ռուսական զօրքերուն համար առաջնային դարձած է Ուքրայնան կտրել Սեւ ծովէն։ Եւ այսպէս, մինչ ծանր մարտեր տեղի կ՚ունենան ծովեզերեայ Մարիոփոլ քաղաքին մէջ (ուր անզէն 2 հազար քաղաքացի զոհուած է) եւ ըստ շարք մը ռազմական մասնագէտներու՝ քաղաքի անկումը ժամերու հարց է, անդին ռուսական զօրքերը նպատակ դրած են հասնիլ դէպի այլ կարեւոր քաղաք մը՝ Օտեսա։ Այս բոլորը, անշուշտ, ունին հիմնական նպատակ մը՝ Ուքրայնայի «վերահսկած» հատուածները ընդհանրապէս կտրել ծովէն եւ երկիրը առնել պաշարման ծանր օղակի մը մէջ։ Այդ պաշարումը, ըստ երեւոյթին, Քիեւը գրաւելու երկրորդ տարբերակ մը կամ այլընտրանքային ծրագիր մը կարելի է համարել։ Սա ռազմական թաքթիք մը կրնայ համարուիլ, որովհետեւ ռուսերը շատ խելացի քայլ մը առած պիտի ըլլան՝ օգտուելով ամբողջ աշխարհին կողմէ Քիեւին ուղղուած մեծ հետաքրքրութենէն։ Այնտեղ կան ուքրանական ռազմական կուտակումներ, տակաւին օտարազգի կամաւորներու հոսք մըն ալ սկսած է։ Ռուսերը հարաւէն պիտի փորձեն ամէն գնով իրականութիւն դարձնել՝ Ուքրայնան ծովէն կտրելու բաւականին կարեւոր գործողութիւնը։ Ճիշդ է, որ այս գործողութիւնը կրնայ բեկումնային չըլլալ, սակայն, շատ բան կրնայ փոխել ընդհանուր պատկերին վրայ։

Երէկուայ օրուան աւարտին, ճիշդ է, ռազմերը կը շարունակուէին, սակայն բանակցութիւններու «դաշտ»էն կը հասնէին դրական լուրեր։ Խօսքը արագ եւ յատուկ նպատակներով, մարդասիրական հրադադարի մը մասին է, որ շատ հաւանաբար այս շաբաթավերջին հաստատուի։ Նոյնպէս յուսադրիչ է նաեւ Փութինի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Մաքրոնի անմիջական կապը, որ վերջին շրջանին բաւական աշխոյժ է եւ յոյս կը ներշնչէ Եւրոպա-Ռուսաստան նոր մակարդակով երկախօսութեան մը տեսակէտէ։

Ճիշդ է, որ ԱՄՆ կը շարունակէ սաստկացնել իր պատիժները, սակայն կայ ընդհանուր տրամադրութիւն մը, ըստ որու, այս պատերազմը պէտք է բացառապէս «պաշարուի» ու շարունակէ կրել միայն ու միայն տեղական բնոյթ։ Հետեւաբար, համաշխարհային մեծ պատերազմի մը բռնկման վտանգները մեծ հաշուով վերացած են՝ պայմանաւ, որ ռազմական գործողութիւններու վերստին թէժացման պարագային կողմերէն մէկը կարողանայ մեծ բեկում մը առաջ բերել եւ «արդար» քրտինքով վաստակուած միաւորները վերածել քաղաքական գործօնի։

Եւրոպա չի կրնար «ապրիլ» առանց Ռուսաստանի եւ այս դրուածքը լաւագոյնս գիտակցուած է նոյնինքն եւրոպացիներուն կողմէ՝ հակառակ անոր որ, մինչ Ռուսաստանի համար էականը դարձած է ռազմական առաւելութիւններ ապահովելը, իսկ ԱՄՆ-ի համար գերխնդիր է արդէն ջլատել Եւրոպան ու նոյնիսկ կտրել անոր կապերը Ռուսաստանի հետ։

Ամէն պարագայի տակ, յառաջիկայ մէկ-երկու օրերը աւելի քան կարեւոր պիտի ըլլան։ Յստակ է նաեւ, որ ռուսական կողմը պիտի պարտաւորուի իր ռազմական ծրագիրները վերամշակել, եթէ, անշուշտ, Քրեմլին կը հաւատայ, թէ արագ հարուածով մը պիտի կարողանար շատ արագ կերպով անդամալուծել եւ իր ափերուն մէջ առնել Քիեւը, որու գրաւումը պիտի ունենար, անշուշտ, քաղաքական մեծ նշանակութիւն։

*

ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅ ԶՈՀԸ՝ ՎԱՆԻԿ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ

Ուքրայնայի մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ազգութեամբ հայ խաղաղ բնակիչ մը զոհուած է: Ան կը կոչուի Վանիկ Սողոմոնեան. Ուքրայնայի քաղաքացի էր, Խերսոն քաղաքի բնակիչ։ Այս մասին լրատուամիջոցներուն տեղեկացուց Քիեւի հայ համայնքի ղեկավար Նորիկ Գէորգեան՝ նշելով, որ ան զոհուած է իր բնակարանին մօտ, հարազատները տարհանելու ժամանակ: Վանիկ Սողոմոնեանը մասնակցութիւն չէ ունեցած ռազմական գործողութիւններու:

Սա առաջին դէպքն է, երբ պատերազմի հետեւանքով Ուքրայնայի մէջ ազգութեամբ հայ մը զոհուած է:

Հարկ է նշել, որ Խերսոնի մէջ վերջին օրերուն թէժ մարտեր կ՚ընթանային: Ռուսաստան արդէն յայտարարած է, որ քաղաքը ամբողջութեամբ անցած է իր բանակի տիրապետութեան տակ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 4, 2022